Իրան հակուած չէ ոեւէ մէկու հետ դաշինք կազմելու միւս երկիրներուն դէմ, որովհետեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման նպաստող քաղաքականութիւն կը վարէ:
«Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի` անդրադառնալով շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ տագնապներուն, որոնք, ըստ Քասեմիի, կը ծագին տասնամեակներ առաջ գերտէրութիւններու գործած սխալներէն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Իրան մտադի՞ր է դաշինք կազմել Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ հետ` լուծելու համար շրջանին մէջ յառաջացած խնդիրները, Քասեմի ըսած է, որ Իսլամական հանրապետութիւնը կ՛ուզէ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն պահպանել:
«Մենք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կ՛ուզենք բոլորին համար, հետեւաբար որեւէ կարիք չկայ այդպիսի դաշինք կազմելու միւսներուն դէմ: Օրինակ, եթէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ են, ատիկա որեւէ այլ երկրի դէմ պիտի չըլլայ», աւելցուցած է Քասեմի:



