Քուէյթի մէջ Իրանի դեսպան Ալի Ռիտա Անայթի յայտարարեց. «Թեհրան Քաթարի հետ ծոցի շրջանի տագնապին մէջ չէզոք կեցուածք ունի»:
«Իրան այս տագնապին մէջ որեւէ կողմի հետ պիտի չըլլայ», նշեց ան:
Անայթի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Իրան Քաթարի եւ շարք մը արաբական պետութիւններու միջեւ յառաջացած տագնապին սկիզբէն ի վեր յայտարարեց, որ այդ տագնապին առնչակից չէ եւ պիտի չմիջամտէ ի նպաստ կողմերէն մէկուն»:
«Իրան քաթարցի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի եւ ոչ թէ վարչակարգին», նշեց դեսպանը` յոյս յայտնելով, որ Քուէյթի թափած ջանքերը նպաստեն տագնապի լուծման եւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմատ Ժապեր Սուպահի միջնորդութեան նախաձեռնութիւնը յաջողի եղբայրները վերամիաւորել:



