Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքել Չի Բացառեր Գերմանացի Զինուորներու Քոնիայի Ռազմակայանէն Եւս Հեռացումը

Յուլիս 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յիշեցուց, որ Պունտըսթակի երեսփոխանները իրաւունք ունին այցելելու արտերկրի մէջ ծառայող գերմանացի զինուորներուն: «Քոնիայի ռազմակայանին հարցով կը գործեն այն նոյն կանոնները, որոնք կը գործեն «Ինճիրլիք» ռազմակայանին պարագային», յայտարարած է Մերքել` պատասխանելով գերմանացի զինուորները տեղափոխելու մասին հաղորդավարի հարցումին:

Մերքելի համաձայն, Քոնիայի ռազմակայանին կացութիւնը քիչ մը տարբեր է, որովհետեւ գերմանացի զինուորները այդտեղ կը գտնուին ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ո՛չ միայն Գերմանիան պիտի բանակցի, այլ նաեւ դաշինքը:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիա արգիլած է գերմանացի երեսփոխաններու այցելել Քոնիայի մէջ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան:

Գերմանացի երեսփոխանները կը պատրաստուէին երկուշաբթի օր Քոնիայի մէջ ծառայող գերմանացի զինուորներուն այցելելու, սակայն Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն հեռաձայնած եւ յայտնած են, որ այդ այցելութիւնը չեղեալ նկատուած է:

Գերմանիա կատարուածին առնչութեամբ բողոք ներկայացուցած է ՕԹԱՆ-ին:

Պունտըսթակի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Վոլֆկանկ Հելմիխ նշած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ Անգարայի որոշումը թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող վերջին լարուածութեան մէկ արտայայտութիւնն է:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Ասորական Համայնքը Չի Կրնար Ետ Ստանալ Իշխանութիւններուն Կողմէ Բռնագրաւուած Իր Սրբավայրերը

Յաջորդը

«Եթէ Մեր Յարաբերութիւնները Լաւ Են Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ, Ատիկա Որեւէ Այլ Երկրի Դէմ Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Քասեմի

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?