Ռուսիայէն ժամանակակից սպառազինութեան հերթական քանակը մատակարարուած է Ազրպէյճանին` ըստ երկու երկիրներուն միջեւ սպառազինական համագործակցութեան վերաբերող համաձայնութեան: Այդ մասին կը յայտնէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկիրի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը:
Ինչպէս կը գրէ գործակալութիւնը, կը շարունակուի դէպի Ազրպէյճան ռուսական արտադրութեան ժամանակակից սպառազինութեան, ռազմամթերքի եւ այլ սարքերու մատակարարման հոլովոյթը:
Պաքուի նաւահանգիստ հասած են մեծ քանակութեամբ արկեր, հրթիռներ եւ այլ ռազմական սարքաւորումներ` նախատեսուած համապատասխան հրթիռահրետանային համակարգերով ռազմական միջոցներու, սակրաւորական կառոյցներու, կենդանի ուժի եւ այլ թիրախներու ճշգրիտ ու տարածական հարուածման համար:
Յիշեցնենք, որ 24 յունիսին հաղորդուած էր, որ Ռուսիայէն նոր սպառազինութիւն մատակարարուած է Ազրպէյճանին` միջկառավարական համաձայնագիրի եւ Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ սպառազինական համագործակցութեան ծիրին մէջ: