Երկուշաբթի, 26 յունիսին, Սթրազպուրկի մէջ սկսաւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ 26-էն 30 յունիս:
Նստաշրջանի բացման ԵԽԽՎ փոխնախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
Յիշեցնենք, որ նախորդ նստաշրջանին, Հայաստանի կողմէ փոխնախագահի պաշտօնը կը զբաղեցնէր Հերմինէ Նաղդալեան:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմը փոխուած է, վերջինս նախանցեալ օր նոյնպէս հաստատուեցաւ վեհաժողովին ընթացքին: