Քուէյթ Քաթարին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի կողմէ Տոհայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման համար 13 կէտերէ բաղկացած պահանջներու ցանկ մը: Նշեալ երկիրները իրենց պահանջներուն գործադրութեան համար ճշդեցին 10 օրուան պայմանաժամ մը:
Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած երկիրները Տոհայէն պահանջեցին նուազեցնել Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը, փակել «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, անմիջապէս փակել թրքական ռազմակայանը, խզել Հըզպալլայի, Համասի, Իսլամ եղբայրներու, Քայիտայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ յարաբերութիւնները, արտայանձնել նշեալ երկիրներուն կողմէ պահանջուած անձերը, սառեցնել վերջիններուս դրամատնային հաշիւները եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տրամադրել Քաթարի կողմէ մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ մէջ ստեղծուած ընդդիմադիր մարմիններու մասին:
Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած երկիրները նաեւ Քաթարէն պահանջեցին որեւէ աջակցութիւն չտրամադրել Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական նկատուող որեւէ գոյացութեան, դադրեցնել իրենց քաղաքացիներուն քաղաքացիութեան տրամադրումը եւ փոխհատուցում վճարել:
Թուրքիա Կը Հակազդէ
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց, որ Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանը փակելու պահանջը կը նկատուի թուրք-քաթարական երկկողմանի յարաբերութիւններուն միջամտութիւն մը:
Ան ըսաւ, որ նշեալ ռազմակայանին նպատակը ամբողջ շրջանի ապահովութեան աջակցիլն է` աւելցնելով, որ Քաթարի մէջ ռազմակայանի վերաբերեալ համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին: «Մեր ուզածը Ծոցի տագնապը միայն երկխօսութեան ճամբով լուծելն է», նշեց Ըշըք: