Սպանական «ԱՍ» օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես կը վերադառնայ արքայական ակումբ: 39 տարեկան սպանացին, որ պիտի ըլլայ փոխնախագահ, նշանակուեցաւ թեքնիք տնօրէն եւ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի խորհրդական:
Ան իր պաշտօնը կը ստանձնէ 3 յուլիսէն սկսեալ:
Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր տնօրէնն է Խոսէ Անխել Սանչես:
Պէտք է նշել, որ Ռաուլ Կոնզալես Ռէալ Մատրիտի հետ ունեցաւ անմոռանալի տարիներ` իր կազմին հետ տիրանալով բազմաթիւ տիտղոսներու, Սպանիոյ մէջ եւ անկէ դուրս: