Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Մարտական Հրաձգութեամբ Գնդային Մարտավարական Ռազմափորձ

June 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 29 մայիսէն 2 յունիս, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան 2017 թուականի պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն, հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած միաւորումներէն մէկուն եւ ենթակայ զօրամասերուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է մարտական հրաձգութեամբ գնդային մարտավարական ռազմափորձ, որուն ընթացքին հաշուի առնուած են ինչպէս ապրիլեան առճակատման օրերուն տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններու առանձնայատկութիւնները, այնպէս ալ հակառակորդի հաւանական գործողութիւններու բնոյթը:

2 յունիսին տեղի ունեցած մարտական հրաձգութեան փուլը, որուն հետեւած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան, նպատակ ունէր ստուգելու անձնակազմի գործողութիւնները մարտի ժամանակ, անոնց նախապատրաստութիւնը թշնամիի զինուած խմբաւորումները ջախջախելու համար:

Զօրամասին օգնութեան հասած միաւորման հրետանային ստորաբաժանումներու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ թշնամիի  կրակակէտերու թիրախաւորման համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ իրականացնելէ ետք, ստորաբաժանումները պաշտպանութենէն անցած են հակայարձակումի եւ վերականգնած  առաջնագիծը: Միաժամանակ հակառակորդին հետագայ  յառաջխաղացումը կասեցնելու եւ մտադրութիւնները ձախողութեան մատնելու նպատակով մարտի մէջ մտցուած են զրահապատներու ուժերը, որոնք բարձր մակարդակի գործողութիւններու շնորհիւ պայմանական մարտադաշտին մէջ պատուով կատարած են իրենց առջեւ դրուած խնդիրը:

Ռազմափորձերու աւարտին տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին խումբ մը զինուորներ միաւորման հրամանատարութեան կողմէ արժանացած են շնորհակալագիրներու, կրծքանշաններու եւ թանկարժէք նուէրներու:

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիոյ Մէջ Նահանգին Ներդրումները Ետ Քաշելու Նախագիծը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդին Համար Պարգեւատրուած Է Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.