Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդին Համար Պարգեւատրուած Է Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամը

June 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 յունիս 2017-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահութեան անդամ, Գերմանիոյ խորհրդարանի պիւտճէի հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Տիթմար Նիթանը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը, բարձր գնահատած անոր գործունէութիւնը հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման ու դատապարտման ուղղութեամբ անոր հետեւողական ջանքերուն համար: «Յարգելի՛ պարոն Նիթան, Հայաստանի մէջ քաջածանօթ են ձեր գործունէութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պատմական արդարութեան վերականգնման եւ իրերը իրենց անունով կոչելու ձեր ջանքերուն: Ձեր պարագային ատիկա աւելի քան գնահատելի է, որովհետեւ դուք, ըլլալով Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման կողմնակից, այսուհանդերձ, շատ յստակօրէն ձեր ձայնը բարձրացուցիք եւ  պայքարեցաք, որ Գերմանիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` այդպիսով ձեր ներդրումը ունենալով ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու  կանխարգիլման համամարդկային պայքարին մէջ», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սարգսեան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Տիթմար Նիթանը պարգեւատրած է Մխիթար Գոշի մետալով:

Տիթմար Նիթան հանրապետութեան նախագահէն շնորհակալութեամբ ընդունելով բարձր պարգեւը` մէջբերած է յայտնի ցեղասպանագէտ Էլի Վիզելի խօսքերը` «Ով որ կը մոռնայ զոհերը` զանոնք կը սպաննէ երկրորդ անգամ», եւ ընդգծած, որ, իր համոզումով, բոլորը պէտք է ջանան ներդրում ունենալ աշխարհին մէջ խաղաղութեան, փոխըմբռնման, հաշտութեան հաստատման եւ արդարութեան վերականգնման գործին մէջ: Ան վստահեցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր ջանքերը կէս ճամբուն չմնան, եւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը երբեք չմոռցուի:

Հանրապետութեան նախագահը յաջողութիւն մաղթած է Տիթմար Նիթանին եւ յոյս յայտնած, որ ան իր աշխուժ գործունէութեամբ շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Մարտական Հրաձգութեամբ Գնդային Մարտավարական Ռազմափորձ

Յաջորդը

Բաբլոյեան. «4 Յունիսը Ազրպէյճանի Յարձակումի Զոհ 12-ամեայ Վաղինակի Յիշատակին Օրն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.