Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիոյ Մէջ Նահանգին Ներդրումները Ետ Քաշելու Նախագիծը

Յունիս 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը 67-0 քուէներով վաւերացուց թիւ AB1597 նախագիծը, որ կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել թրքական պետական բաժնեթուղթերու շուկայէն` իբրեւ հակազդեցութիւն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին:

«Երախտապարտ ենք նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանին, որ այս նախագիծը ներկայացուց եւ ապահովեց անոր վաւերացումը, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր քալիֆորնիահայերու, որոնք այս նպատակով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին` դիմելով իրենց ներկայացուցիչներուն, նահանգային խորհրդարանին ու ՀՅԴ-ին, որ այս արշաւին նախաձեռնած էր եւ արդէն իսկ նման որոշումներու վաւերացումը ապահոված էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն կողմէ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Քուէարկութենէն առաջ, խորհրդարանին առջեւ ելոյթ ունենալով Ատրին Նազարեան դատապարտած էր Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ շեշտած, որ նահանգի ներդրումները անուղղակիօրէն կը նպաստեն ուրացման այդ քաղաքականութեան շարունակութեան: Ան յիշեցուցած էր, որ նահանգը անցեալին եւս համաշխարհային մակարդակի վրայ մարդկային իրաւանց պաշտպանի դեր ստանձնած է` պատժական քայլեր առնելով մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնակոխող երկիրներու դէմ, ինչպէս օրինակ` Հարաւային Ափրիկէի խտրական, իսկ Սուտանի ցեղասպանական քաղաքականութեանց դէմ առնուած քայլերը:

«Այնքան ատեն որ Թուրքիոյ պետութիւնը կը շարունակէ հովանաւորել Ցեղասպանութիւնը ժխտողները, պէ՛տք է կրէ պատասխանատուութիւնը եւ նիւթական պատիժի ենթարկուի», ըսած էր Նազարեան:

Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբն ու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը մօտէն գործակցած են Նազարեանի եւ սոյն նախագիծին համահեղինակ Սքաթ Ուիլքի հետ, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Հայկ Պաղտասարեան այս գծով վկայութիւն տուած էր:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը եւս ողջունեց նախագիծին վաւերացումը:

AB1597 նահանգային օրէնսդրական նախագիծը կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ CalSTRS) որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութեանց մէջ: Հիմնադրամները նաեւ պարտաւոր պիտի ըլլան ետ քաշել անցեալին կատարած իրենց ներդրումները` Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ գործադրելու որոշումին յաջորդող վեց ամիսներուն ընթացքին:

Ներկայիս այդ ներդրումներուն գումարը մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար է:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Յետաձգուած Նիստին Եւ Արտակարգ Նստաշրջանի Թուականներուն Միջեւ. Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ` Կառավարութեան Չորեքշաբթի Օրուան Նիստին Արդիւնաւորման Համար

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Մարտական Հրաձգութեամբ Գնդային Մարտավարական Ռազմափորձ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?