ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
(ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻՆ 42-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ)
Հերոսական Հաճնոյ զաւակները վաղը կը տօնեն իրենց հերոսամարտին 42-րդ տարեդարձը:
Յիշատակի պարզ ոգեկոչում մը չէ, որ ամէն տարի, այս օրերուն, Հաճնոյ զաւակները կը հաւաքէ սրահի մը մէջ` յարգելու համար յիշատակը անոնց, որոնք օրհասական կռիւներ մղելէ ետք, զոհուեցան դիւցազնի խիզախութեամբ, փաստը տալով իրենց ցեղին արիութեան:
Այլ սրբազան ուխտի օր մը` ոչ միայն Հաճնոյ զաւակներուն, այլ` բոլոր հայերուն համար, որոնք կը հաւատան յեղափոխութեան փրկարար դերին` մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:
Ճակատագիրը գուցէ տարբեր ըլլար հայութեան, եթէ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր շրջանները հետեւէին Հաճնոյ, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Սուէտիոյ ու քանի մը շրջաններու օրինակին եւ ապստամբութեան դրօշ բարձրացնէին հայ ժողովուրդի բնաջնջումը ծրագրող իշխանութեան դէմ: Բայց վերոյիշեալ շրջանները եղան լուսաւոր փարոսներ ընդհանուր խաւարին մէջ ու մարեցան շքեղ լուսաւորութեան մը յիշատակը ձելով իրենց ետին եւ հանդիսանալով գօտեպնդումի առիթ մը հետագայ սերունդներուն:
Բացառիկ էր Հաճնոյ պարագան: Անառիկ լեռներու բարձունքին թառած դիւցազնական հայորդիները գիտէին, թէ մահ կը սպասէ իրենց: Փրկութեան ոչ մէկ յոյս: Բայց անոնք դիմադրեցին ու մաքառեցան թշնամիին ու սովին դէմ` ի վերջոյ հասնելու համար եղերական վախճանին: Սովը ընկճած էր իրենց դիմադրական կորովը: Գուցէ տարբեր ըլլար հերոսամարտին ելքը` առանց այդ սովի անխնայ ճիրաններուն:
Նոյնը եղած է հայոց պատմութեան մէկ ծայրէն միւսը: Լոյսի ու Խաւարի յաւիտենական մաքառում մըն է մեր պատմութիւնը: Արիւնարբու ու բարբարոս հորդաներ արշաւած են մեր հայրենիքը` զայն դարձնելով սուգի եւ աւերներու երկիր մը, բայց ամէն անգամ ալ լոյսի զօրաւոր ժայթքումներ տեսնուած են հայոց աշխարհի զանազան անկիւնները, եւ այդ լոյսի տեսքին` հայ ժողովուրդը սրտապնդուած է շարունակելու համար իր գոյութեան պայքարը:
Նոյն պայքարը կը մղուի նաեւ այսօր, տարբեր զէնքերով: Լոյսի տենչանքէն կեանքին փարած հայութիւնը հերոսական մաքառումի մէջ է ազգային գոյութիւնը պահպանելու համար: Ու ճիշդ այս օրերուն է, որ հերոսներու յիշատակի ոգեկոչումը կ՛ամրապնդէ մեր հոգիները:
Հերոսամարտերը նոր սերունդին համար ներշնչումի աղբիւրներ հանդիսացած են ու պիտի հանդիսանան այսուհետեւ: Իրերայաջորդ սերունդներ պիտի գան մկրտուելու հայկական դիւցազնութեան աւազանին մէջ` վերանորոգելու համար իրենց ուխտը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի վերջնական յաղթանակին եւ հայ պետականութեան հաստատման:
Այդ հերոսամարտերու ոգեկոչումը անհրաժեշտ է` վտարանդի հայ ժողովուրդի զաւակները հաղորդակից դարձնելու համար իրենց նախորդներու հերոսական կեցուածքներուն:
Անոնց խիզախումները, անոնց հերոսական մարտնչումները, անոնց անձնուիրութիւնը եւ մահուան հանդէպ ցոյց տուած արհամարհանքը հայրենասիրական այնպիսի մեծ դասեր կը պարունակեն, որ յիշատակի այս հանդիսութիւնները առիթ կու տան նորահաս սերունդներուն` պարծենալու իրենց հայութեամբ:
Հայութիւնը անոնց համար սրբազան հանգանակ մըն էր:
Նոր սերունդներ պիտի հետեւին անոնց նուիրական ճամբուն` նոյն հանգանակով եւ նոյն անձնուիրութեամբ:
Հերոսներու յիշատակը պիտի առինքնէ հայ ժողովուրդի զաւակները, որոնք օտար ափերու վրայ կը ջանան անցեալի ոգեկոչութեամբ զովացնել իրենց հայրենատոչոր սրտերը:
Ու պիտի գայ ընդհանուր հաշուեյարդարի օրը: Արդարութիւնը յաւիտեան երես պիտի չդարձնէ մեզմէ:
Այս հաւատքով կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր բոլոր հերոսներուն:
