
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ՎԱՆ ԿՈԿ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆ ԵՂԱԾ Է: ՍԱԿԱՅՆ ԱՅԺՄ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՅԵՏՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ՄԷԿ ՆՈՐ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ 10 ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՏՔ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ԱՆ ԱՐԿԱԾՈՎ ՍՏԱՑԱԾ ԷՐ ԱՏՐՃԱՆԱԿԻ ՀԱՐՈՒԱԾ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԵՒ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՎԱՆ ԿՈԿԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼԸ ՇՐՋՈՂ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԾ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՆՆԵՐԸ:
Ան արուեստի պատմութեան մեծագոյն դէմքերէն է, եւ ցարդ կը կարծուէր, թէ ունեցած է նոյնքան զգայացունց վախճան մը: Այսուհանդերձ, այս շաբաթ Բրիտանիոյ մէջ լոյս տեսած նոր գիրքի մը համաձայն, հոլանտացի գեղանկարիչ Վինսընթ վան Կոկ իրականութեան մէջ անձնասպան չէ եղած:
«Վան Կոկ. տը լայֆ» գիրքը արդիւնք է 10 տարուան ուսումնասիրութեան մը: Անոր հեղինակները` Սթիւըն Նայֆեհ եւ Կրեկորի Ուայթ Սմիթ նախապէս գրած են ամերիկացի արուեստագէտ Ճեքսըն Փոլաքի մէկ կենսագրութիւնը, որուն համար 1991-ին արժանացած են Փուլիցըր մրցանակին:
Վան Կոկի նոր կենսագրութեան հեղինակները կը հաւատան, թէ գեղանկարիչը զոհ գացած է արկածի մը, երբ զէնք մը կրակուած է: «Սի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, այս յայտնաբերումը կրնայ «վերստին գրել արուեստի պատմութիւնը»:
Հոլանտացի յետտպաւորապաշտ գեղանկարիչ վան Կոկ մահացած է 1890-ին` 37 տարեկանին: Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տառապած է անձկալից վիճակներէ եւ մտային հիւանդութիւններէ:
ՔԱՈՒՊՈՅԱԿԱՆ ԽԱՂ ՄԸ
Ընդհանրացած կարծիքը այն է, թէ 27 յուլիսի առաւօտուն Փարիզի քաղաքամերձ Օվեր Սիւր- Ուազ շրջանին մէջ վան Կոկ ատրճանակով կրակած է իր կուրծքին եւ 30 ժամ ետք մահացած է իր ստացած վէրքերուն պատճառով: Այդ ժամանակ ան կ՛ապրէր Օպերժ Ռաւօ անունով իջեւանի մը մէջ, ուրկէ կ՛իջնէր ցորենի դաշտերը` զանոնք նկարելու համար:
Բազմաթիւ ենթադրութիւններ կատարուած են, թէ ճիշդ ո՛ւր տեղի ունեցած է դէպքը: Ոմանք կ՛ըսեն` ցորենի դաշտի մը մէջ, ուրիշներ` ախոռի: Սակայն մեծամասնութիւնը գէթ կը հաւատայ, թէ արարքը գործուած է վան Կոկի ձեռքով:
Այսուհանդերձ, վան Կոկի կենսագրութեան ամերիկացի հեղինակները մատնացոյց կ՛ընեն նոր ապացոյցներ, որոնք մտածել կու տան, թէ շատ հաւանաբար վան Կոկի մահուան մէջ դերակատար է երրորդ կողմ մը. տեղացի երկու պատանիներ, որոնք ծանօթ էին գեղանկարիչին եւ կը փորձէին խանգարուած ատրճանակ մը:
«Մեզի համար շատ յստակ էր, թէ վան Կոկ դաշտերը չէր գացած` անձնասպանութեան նպատակ մը ի գործ դնելու համար», կ՛ըսէ Նայֆեհ:
Հեղինակները այս եզրակացութեան յանգած են` դնելով բազմաթիւ հարցադրումներ. «Արդեօք վան Կոկ կրնա՞ր ինքզինք մահացու աստիճան վիրաւորելէ ետք մէկ մղոն ճամբայ կտրել խորտուբորտ դաշտերուն մէջէն` վերադառնալու համար իր իջեւանը»:
Անոնք նաեւ հարցականի տակ առած են այն, թէ ինչպէ՛ս արուեստագէտը յաջողած էր զէնք մը ունենալ, երբ մտային խանգարումի յատուկ հիւանդանոցի մը մէջ ապրած էր որոշ ժամանակ մը: Հեղինակները նաեւ մարտահրաւէր կ՛ուղղեն այն տեսութիւններուն, որոնք կը նշեն, թէ վան Կոկի վերջին գործը 1890-ի յուլիսին իրագործուած «Ցորենի դաշտ` ագռաւներով» մռայլ գեղանկարն էր:
«Վան Կոկի ծանօթ անձերուն քով ընդունուած կարծիքը այն էր, թէ ան արկածով մեռած էր Օվերի մէջ, պատանի եղբայրներու կողմէ, եւ որոշած էր զանոնք պաշտպանել` անձնապէս կրելով անոնց մեղքը», կ՛ըսէ Նայֆեհ:
Գիրքին վերջաւորութեան հեղինակները կը նշեն, թէ Ռընէ Սեքրըթան անունով 16 տարեկան պատանի մը սպաննած էր վան Կոկը, եւ թէ` ան երկար ժամանակ չարչարած էր մտային խանգարումէ տառապող արուեստագէտը:
Իսկ վան Կոկ ինչո՞ւ պիտի պաշտպանէր պատանի մը, զոր կ՛ատէր: Հեղինակներուն բացատրութիւնը կ՛ըսէ. «Որովհետեւ Վինսընթ կ՛ողջունէր մահը եւ չէր ուզեր պատանի եղբայրները դնել հանրային հետաքննութեան լուսարձակներուն տակ… երբ անոնք այս ծառայութիւնը մատուցած էին իրեն»:
«Սեփական մահը ընդունիլը սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր իր եղբօր նկատմամբ, որուն վրայ բեռ մըն էր Վինսընթ», կ՛ըսէ Սմիթ:
Վինսընթի եղբայրը` Թէօ նիւթապէս կ՛ապրեցէր արուեստագէտը, որուն գործերը չէին ծախուեր:
Հեղինակները իրենց եզրակացութիւնը հիմնաւորած են` պանծացնելով երկու աղբիւրներ: Նայֆեհ կ՛ըսէ, թէ արուեստի անուանի պատմաբան Ճոն Ռիուալտ արձանագրած է դէպքերու այս տարբերակը, երբ 1930- ական տարիներուն այցելած է Օվեր եւ լսած է հոն շրջող տարաձայնութիւնները:
Հեղինակները ի յայտ բերած են ֆրանսացի «խղճահար» հարուստ գործարարի մը` Ռընէ Սեքրեթանի հետ 1956-ին կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան կ՛ըսէր, թէ ինք եւ իր եղբայրը ծանօթացած էին վան Կոկի եւ քաուպոյական յայտագիրէ մը ներշնչուած` զէնք մը փոխ առած էին այն պանդոկէն, ուր իջեւանած էր վան Կոկ: Սեքրեթանի համաձայն, գեղանկարիչը այս զէնքը գողցած էր իրմէ:
Սեքրեթան նաեւ յիշած է, թէ ինչպէ՛ս իրենք կը տանջէին առանձնութենէ տառապող վան Կոկը` աղ լեցնելով անոր սուրճին մէջ եւ իրենց բարեկամուհիները ուղարկելով անոր քով, որպէսզի փորձութեան մատնէին զայն: Սակայն նոր կենսագրութեան հեղինակները կը նշեն, թէ երբեւիցէ Սեքրեթանի հարց չէր տրուած, թէ արդեօք ինք դերակատա՞ր էր զէնքը կրակելու մէջ: Սեքրեթան մեռած էր հարցազրոյցը տալէ մէկ տարի ետք:
Նայֆեհի համաձայն, բաւարար ապացոյցներ կը նշեն, թէ` «այս երկու տղաքը դերակատար են, եւ թէ` արարքը արկած մըն էր կամ դիտումնաւոր կերպով ի գործ դրուած էր: Արդեօք քաուպոյական խա՞ղ մըն էր, որ վատ վախճան մը ունեցած էր: Արդեօք տղաքը զէնքո՞վ կը խաղային, երբ վան Կոկ նետուած էր անոր վրայ: Դժուար է գիտնալ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած էր այդ պահուն», կ՛ըսէ ան:
Այլ մանրամասնութիւններ եւս հաստատած են այս տեսութիւնը: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ, թէ փամփուշտը վան Կոկի փորին վերի մասը մտած է շեղակի անկիւնէ մը եւ ոչ` ուղղակի, ինչպէս պիտի ակնկալէինք անձնասպանութեան պարագային:
«Այս պատանիները, մէկը` քաուպոյի հանդերձանքով, կը կրէին խանգարուած զէնք մը, որուն հետ «քաուպոյ» կը խաղային: Անոնք յաճախ օրուան նոյն ժամուն Վինսընթի հետ խմելու կ՛երթային», կ՛ըսէ Նայֆեհ:
«Ուրեմն այստեղ ունինք տղաք, որոնք կը կրեն խանգարուած զէնք մը, ունինք տղայ մը, որ կը սիրէ քաուպոյ խաղալ, ունինք երեք հոգի, որոնք հաւանաբար բոլորն ալ հարբած էին», կը բացատրէ ան:
«Արկածով մարդասպանութիւն մը շատ աւելի հաւանական կը թուի,- կ՛ըսէ ան:- Դժուար է պատկերացնել, թէ անոնցմէ ոեւէ մէկը իրապէ՛ս նպատակադրած էր սպաննել իր ընկերակիցը»:
Վինսընթ վան Կոկ վիրաւորուելէ ետք իր եղբօր, բժիշկներուն եւ ոստիկաններուն ըսած է, թէ փորձած է ինքզինք սպաննել ցորենի դաշտերուն մէջ նկարելու ժամանակ. «Մի՛ ամբաստանէք ոեւէ մէկը… Ես ուզեցի ինքզինքս սպաննել», ըսած է ան: Գործածուած զէնքը երբեք չէ գտնուած, ոչ ալ` անոր նկարչական իրերը:
Հեղինակները կ՛ենթադրեն, թէ վան Կոկի վիրաւորուելէն ետք պատանիները խոյս տուած են` իրենց հետ տանելով զէնքը եւ վան Կոկի նկարչական իրերը:
Սակայն, ինչպէս անոնք կ՛ընդունին գիրքին վերջաւորութեան, «իրականութեան մէջ զարմանալիօրէն քիչ բան յայտնի է դէպքին մասին»:
Ամսթերտամի մէջ վան Կոկի թանգարանը յայտնաբերումը կոչած է «թատերական» եւ «խիստ հետաքրքրաշարժ»:
Սակայն թանգարանին մէջ վան Կոկի գործերուն ցուցադրութեան պատասխանատուն` Լէօ Եանսեն հաւանական չի նկատեր, թէ վան Կոկ սուտ խօսած է անձնասպանութեան իր փորձին մասին: Ան կ՛ըսէ. «Բազմաթիւ հարցումներ կը մնան անպատասխան», հետեւաբար` «կանխահաս է անձնասպանութեան գործօնը զանց առնելը»:
Թէեւ իր նամակներուն մէջ վան Կոկ գրած է, թէ կեանքէն յոգնած է, սակայն անձնասպանութիւնը նկատած է անբարոյական եւ ոչ պատուաբեր արարք մը: Ան գիտէր, թէ անձնասպանութիւնը համազօր էր ոճիրի եւ վերապրողները կրնային պատժուիլ բանտարկութեամբ:
Այսուհանդերձ, Եանսեն կ՛ընդունի, թէ կատարուած նոր հաստատումները «առիթ պիտի տան ընդարձակ քննարկումներու»:
Կենսագրական նոր գործը կը բաղկանայ 900 էջերէ եւ կ՛ապաւինի ցարդ չթարգմանուած հազարաւոր նամակներու, որոնք կը պատկանին վան Կոկի ընտանիքին: Հեղինակներուն կողքին, աշխատած են աւելի քան 20 թարգմանողներ եւ ուսումնասիրողներ, որոնք ստեղծած են 28 հազար ծանօթագրութիւններէ բաղկացած տեղեկութիւններու շտեմարան մը: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ քանի մը տասնեակ նոր լուսանկարներ:
ԱՅԼ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
Վան Կոկի ընտանիքը փորձած էր գեղանկարիչը ուղարկել մտային խանգարումէ տառապողներու յատուկ հիւանդանոց մը` անոր կամաւոր մուտքէն երկար ժամանակ առաջ:
Վան Կոկ այնքա՛ն կատաղի կռիւներ մղած է իր կրօնաւոր հօր դէմ, որ ընտանիքը զինք ամբաստանած է` զայն սպաննելու յանցանքով:
Վան Կոկի հիւանդութիւնը, որ կը նկատուի խենթութեան եւ ընկճուածութեան խառնուրդ մը, հետեւանք էր որոշ տեսակի լուսնոտութեան:
Ուայթի համաձայն, նոր կենսագրութիւնը պիտի օգնէ` աւելի լաւ հասկնալու «տկար եւ թերի այս կերպարը», ինչպէս նաեւ` «շատ աւելի մեծ իրագործում մը» նկատելու անոր արուեստը:
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՃԻՒՆՆԵՐ`
ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ՉԵԽ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՌՈՄԱՆ ԹԻՑ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾԱԾ Է, ԵՐԲ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՓՐԱԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱԴՐԱԾ Է ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄՈԽՐԱՑԱԾ ԱՃԻՒՆՆԵՐ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ԳՐԷ.
«Երբ 6 տարեկանիդ մայրդ կը մեռնի, զայն կը տեսնես իբրեւ մետաղէ սափոր մը, եւ այնուհետեւ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին զայն կը ճանչնաս միայն լուսանկարներու ճամբով, ապա կը հաւատաս, թէ գոյութիւն ունի միջոց մը` զայն ազատագրելու համար այն տուփէն, ուր ամփոփուած է անոր աճիւններուն մոխիրը», կ՛ըսէ Ռոման Թիցի մէկ գրութիւնը, որ կը բնութագրէ ցուցահանդէսը:
«Ասիկա Թիցի անձնական վկայութիւնն է: Անոր մայրը մահացած էր, երբ ինք 6 տարեկան էր: Թից կը փորձէ հաշտուիլ անոր մահուան հետ», կ՛ըսէ Ժամանակակից Արուեստի Տվորաք Սեց արուեստի պատկերասրահին տնօրէնը` Էտմունտ Սուցքա:
Իր «Գերեզմանագող» վերնագիրով ցուցահանդէսին համար 37 տարեկան Թից ստեղծած է 19 դիմանկարներ` օգտագործելով գորշ մոխիր եւ պատկերելով կիսադէմքեր, որոնք կը հակադրուին իրենց սեւ խորապատկերին հետ:
«Դիմանկարները մաքուր են: Ցնցիչ բան չկայ այստեղ», կ՛ըսէ Սուցքա եւ կ՛աւելցնէ, թէ մարդկային մոխրացած աճիւններ արուեստագէտներու կողմէ իբրեւ հում նիւթ գործածուած են 1960-ական տարիներուն:
Սուցքա կը բացատրէ, թէ դիմանկարները չեն պատկերեր «դերասաններու նման յատուկ դէմքեր, այլ` անձեր, որոնց պատմութիւնը հետաքրքրած էր Թիցը»:
Երբ «Ա. Էֆ. Փէ.» հարց տուած է մոխրացած աճիւններուն պատկանելիութեան մասին, ան մերժած է պատասխանել:
Արուեստագէտը կ՛ըսէ, թէ թաղման արարողութիւններէ ետք աւելցած մարդկային աճիւններու մոխիրը յաճախ կը թափուի աղբակոյտերու մէջ:
Թից ներկայ չէ եղած ցուցահանդէսին բացման: «Ըսաւ` թերեւս կու գամ, թերեւս չեմ գար: Անշուշտ այստեղ չի գտնուիր այս պահուս», ըսած է Սուցքա ցուցահանդէսին բացման օրը:
Պատկերասրահը կը յայտարարէ, թէ գեղանկարները ծախու չեն, եւ թէ` անոր տնօրէնութինը արուեստագէտէն պահանջած է, որ ցուցահանդէսը աւարտելէ ետք աճիւնները տարածէ յարգելի վայրի մը մէջ` պատշաճ հաւատքով:
Թից մաս կը կազմէ տարակարծութիւններ ստեղծած արուեստագէտներու Ցթոհովեն խումբին, որ հռչակաւոր դարձաւ 2007-ին, երբ գողցաւ հանրային պատկերասփիւռի յայտագիր մը, ապա գեղեցիկ վայրի մը մէջ տեղի ունեցած հիւլէական պայթումի մը նկարները կցեց անոր:
Թից նոյն տարին Փրակայի տարածքին ճամբու երթեւեկը կարգաւորող լոյսերու 50 սիւներու վրայ «քալէ՛» եւ «մի՛ քալեր» ազդանշանին ցպիկէ մարդուն խորհրդանիշը փոխարինեց ցատկող կամ միզող ցպիկէ մարդու պատկերներով, որմէ ետք արժանացաւ Վիեննայի մէջ արուեստի փառատօնի մը մեծագոյն պարգեւին, ինչպէս նաեւ` Չեխիոյ մէջ մէկ ամիս բանտարկութեան վճիռի մը…:
ԻՐԱՊԷ՛Ս ՑՈՒՐՏ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԵՐԱԺԻՇՏ ՄԸ ԿԸ ՆՈՒԱԳԷ ՍԱՌՈՅՑԷ ՇԻՆՈՒԱԾ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԵՒ ՆՈՒԱԳԵԼՈՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ:
Երաժիշտ Թարիէ Իսունկսեթի երաժշտական կենդանի մէկ կատարումը ունկնդիրներուն կ՛երաշխաւորէ ողնայարէն վար սողոսկող դող մը, որովհետեւ անոր նուագած գործիքները ամբողջութեամբ սառոյցէ շինուած են:
Նորվեկիոյ Պերկեն քաղաքին մէջ Թարիէ ճանչցուած է իբրեւ Սառցամարդը, այն օրէն, երբ սկսած է նուագել իր տան մօտակայ մէկ լիճէն դուրս բերած սառոյցի կտորներով շինած երաժշտական գործիքները:

Թարիէի սառոյցէ զարմանահրաշ ստեղծագործութիւններուն շարքին են` տաւիղներ, շեփորներ, փողեր, կիթարներ, մարիմպաներ (ձողաւոր հարուածային գործիք մը, որ կը նուագուի փայտէ ցպիկներով), նոյնիսկ` այսրիտու մը` Աւստրալիոյ բնիկ ցեղախումբերուն յատուկ փայտէ փողային տիտկըրիտու գործիքին սառոյցէ մէկ տարբերակը:
Թարիէ կը հաստատէ, թէ իր շինած իւրաքանչիւր գործիքը կ՛արտաբերէ իւրայատուկ ձայն մը: Թէեւ անոր շինած սառոյցէ մէկ փողը կարելի եղած է նուագել 50 անգամ, սակայն բազմաթիւ այլ գործիքներ կը դիմանան միայն մէկ կատարումի:
«Պարտաւոր եմ ականջ դնել գործիքիս: Փոխանակ ե՛ս որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հնչէ անիկա, գործիքը ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է նուագեմ զայն», կ՛ըսէ Թարիէ:

«Երբեք չեմ կրնար փորձեր կատարել շինած գործիքիս վրայ, որովհետեւ ամէն անգամ նորը կը շինեմ` նուագելու համար: Ասիկա սառոյցէ գործիքներ նուագելու դժուարութիւններէն մէկն է»:
Թարիէ երաժշտական ասպարէզ մուտք գործած է` հարուածային գործիքներ նուագելով իր հօր հետ, որ ձեռնադաշնակ կը նուագէր պարախումբերու ընկերակցելով: Թէեւ ան օժտուած երաժիշտ մըն էր եւ կրնար նուագել այլազան ոճեր, սակայն պատրանախաբ եղած է սովորական ձայներով հնչող երաժշտութենէն եւ որոշած է աւելի փորձառական արուեստ մը կիրարկել:
Սկիզբը Թարիէ սկսած է շթաքարեր հարուածել` նոր ձայներ արտաբերելու նպատակով: Ապա ան սկսած է ձեւաւորել իր սեփական սառոյցէ գործիքները: Անոր տարօրինակ կատարումներուն լուրը շուտով տարածուած է, եւ 2006-ին ան հիմը դրած է Սառոյցէ երաժշտութեան տարեկան փառատօնի մը` Նորվեկիոյ Եալօ լեռնային գիւղաքաղաքին մէջ:
Զարմանալի չէ, որ Թարիէի երգերէն շատերը հիւսուած են ձմեռնային բնաբաններու շուրջ:
Թարիէի համաձայն, սառոյցի տարբեր տեսակներ կ՛արտաբերեն բոլորովին տարբեր ձայներ: Ան կ՛ըսէ, որ թէեւ իր շինած գործիքները կատարեալ երեւոյթ մը ունին, սակայն մարդկային ճիգով արտաբերուած սառոյցի ձայնը վանողական է եւ շատ անպատշաճ:
Ան ամէնէն լաւ հնչեղութեամբ օժտուած սառոյցի տեսակը ի յայտ բերած է Շուէտի հիւսիսային շրջանին մէկ սառցալեռէն:

«Կը հաւաքես սառոյցի 100 կտոր, եւ միայն 10 կտորի ձայնը լաւ կը հնչէ: Մնացեալ բոլորը վատ կը հնչեն», կը բացատրէ ան:
Թարիէ իր երաժշտական կատարումները կը ներկայացնէ արտասովոր վայրերու մէջ, որոնց շարքին` սառած ջրվէժ մը եւ Շուէտի մէջ սառոյցէ շինուած պանդոկ մը:
«Պարտաւոր եմ նուրբ վարուիլ սառոյցին հետ եւ լսել զայն», կ՛ըսէ ան:
«Եթէ շատ ցուրտ է, եւ եթէ պարտաւոր եմ զերոյէն վար 33 աստիճան ցուրտին համերգ մը տալ, ապա սառոյցը շատ չոր եւ պիրկ կը հնչէ, երաժշտութիւնը կը լսենք շատ աւելի բարձր եւ շատ աւելի ցած ալիքներու վրայ», կը բացատրէ ան:
«Ջերմաստիճանը որքան աւելի մօտենայ զերոյի, այնքան կը նուազի սառոյցին յատուկ երաժշտական հնչեղութիւնը: Երբ սառոյցը կը սկսի հալիլ, երաժշտութիւնը կը հնչէ ջուրի պէս»:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


