Երէկ, Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը (Բ. խմբակ) կրեց իր առաջին պարտութիւնը Հարաւային Քորէայէն` 91-65 արդիւնքով (34-10, 53-23, 77-40 եւ 91-65):
Լիբանանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ժերար Հապիպեան (22 կէտ):
Իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած Լիբանան այսօր` հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի մրցի Իրաքի դէմ:


