ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը ներկայացուց անգլիացի կատակերգակ Ռէյ Գունիի «Ֆանի մանի» (1994) զաւեշտը` բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի:
Հեղինակը.- Գնդունի 2014-ին ներկայացուցած էր Գունիի «Երկու կին մէկ ամուսին» զաւեշտը, որուն անդրադարձած էի («Ռան ֆոր եուր լայֆ», 1983 ) (1): Որոշ կրկնութեան գնով կ’անդրադառնամ Գունիի ոճին: Գունիի հերոսները սովորական մարդիկ են, որոնք պարագաներու բերմամբ եւ կամքէ անկախ` կը գտնուին անսովոր, բայց ոչ անկարելի կացութիւններու մէջ: Հազիւ թէ` միջակ կարողութեան տէր մարդիկ, որոնք հարկ է տան ճակատագրական որոշումներ, որովհետեւ կը գտնուին անդունդի եզրին: Ներկայ զաւեշտին հերոսը աննշան գրագիր մըն է: Նախորդ ելոյթի հերոսը` հասարակ վարորդ մը: Զաւեշտի հերոսները կը դիմակալեն անհամեմատ գերակայ ուժեր: Այս պարագային` մաֆիան: Զաւեշտը, ի տարբերութիւն կատակերգութեան, կրնայ յանկարծ վերածուիլ ողբերգութեան: Ներկայ զաւեշտի հերոսին կը սպառնայ ոչ նուազ քան մահուան վտանգ:
Ի դէպ, բեմին վրայ պատահմամբ կը սպաննուի ահազդու մաֆիոզը: Կորսուած գնդակը կրնար հանդիպիլ ոեւէ դերակատարի… Զաւեշտը կրնայ ունենալ սեւ հիւմոր: Հարկ է աւելցնել, որ Գունի երբեք չի ստորագնահատեր հանդիսատեսին մտային կարողութիւնը:
Զաւեշտի աշխարհի մէջ Գունի ծանօթ է իր «Վեց օրէնքներ»ով (2), որոնցմէ երեքին գործադրութիւնը անուղղակիօրէն տեսանք վերը: Յաջորդ օրէնքը գործադրուած էր «Երկու կին մէկ ամուսին» ելոյթին մէջ: Երկրորդ արարը կը սկսի ճիշդ այն պահէն, ուր կը վերջանայ առաջինը: Անցեալ տարի ՀԲԸՄ «Սաթամեան» թատերախումբը միացուցած էր երկու արարները: Այս յանձնարարելի չէ, որովհետեւ յոգնեցուցիչ է ե՛ւ դերասաններու, ե՛ւ հանդիսատեսին համար:
Դիպաշարը.- Համեստ հաշուապահ Հենրի (Գնդունի) տունդարձի գնացքին մէջ պատահմամբ կը վերցնէ «տաք» դրամով լի պայուսակ մը: Պարզ է ուրեմն, որ մաֆիան այժմ ունի ի՛ր պայուսակը, հետեւաբար շուտով պիտի կարենայ գտնել զինք եւ սպաննել: Ի դէպ, պայուսակներու շփոթը սխալներու կատակերգութեան մնայուն նիւթերէն մէկն է: Այժմ հարկ է, որ Հենրի տայ ճակատագրական որոշում` պահե՞լ, թէ՞ չպահել դրամը: Համեստ հաշուապահը կը ցանկայ դուրս գալ իր տաղտկալի կեանքէն, բայց անոր տնային տնտեսուհի կինը կը տատամսի: Այդ օր Հենրիի տարեդարձն է (ի՜նչ զուգադիպութիւն): Կը յայտնուին բարեկամներ, երկու քննիչ (դասական «good cop-bad cop»), շարժավար մը, անցորդ մը եւ մաֆիոզ մը: Հենրիի կինը (Այտա Սրապոնեան) տակաւ կը գինովնայ: Բոլորը կը պարտադրուին շտապ հնարել նորանոր ինքնութիւններ եւ նորանոր սուտեր: Ծայր կու տայ «թամաշա», որ շնորհիւ բազում անհաւանական պատահարներու` կ’ունենայ բարեյաջող աւարտ:
Սեռ.- Ի սկզբանէ սեռը չէ բացակայած զաւեշտներէն: Ներկայ գործին մէջ հեղինակը ներառած է քանի մը կողմնակի ակնարկներ: Ի՞նչ կ’ընէր Հենրի կապելայի զուգարանին մէջ այդքան երկար ժամանակ: Ինչո՞ւ դուրս կ’ելլէր այլայլած եւ ծանր հեւքով: Ո՛չ, այդ չէ, դրամ կը համրէր: Ապա կայ բազմիցս կրկնուող ծածկոյթի տեսարանը: Ի՞նչ կը պատահէր երկու տղամարդոց միջեւ ծածկոցին տակ: Ո՛չ, այդ չէ, անոնք կը պահէին դրամի պայուսակը: Ապա կու գայ այն թելադրանքը, որ «ագարակապան»ը իր ոչխարներուն հետ մտերիմ յարաբերութիւններ կ’ունենայ: Ապա կայ կիներ փոխանակելու առաջարկը, որ աւելի շուտ հիմնուած է նիւթական, քան սեռային հիմերու վրայ: Բնագիրին մէջ կայ նաեւ «կատուի» բաւական երկար միջնարար մը, որ զեղչուած էր: «Pussy» (Pussycat) կը նշանակէ կատու եւ… Տղամարդոց ֆիզիքական յարաբերութիւնը սահմանափակ էր: Թերեւս հարկ է շնորհակալ ըլլալ, որ Գունի այս անգամ բաւարարուած էր քաղաքավար թիւրիմացութիւններով:
Կայ նաեւ մեկնաբանութեան այլընտրանք: Թատերագիրը դրամը աւելի կարեւոր եւ հրապուրիչ կը գտնէ, քան սեռը:
Բեմայարդարում եւ այլն.- Բեմայարդարման պարագային հիմնական հարցը նիւթականն է: Օտար նստասենեակի մէջ տեղի ունեցող կատակերգութիւններու (Drawing Room Comedy) կահաւորումը առհասարակ ծախսալի կ’ըլլայ: Հարկ էր, օրինակ, որ գտնուէին փայտեայ ծանր դռներ, որոնք բացուէին եւ փակուէին մեծ դղրդիւնով: Հարկ էր սարքել այնպիսի պատի ժամացոյց (cuckoo clock), որ իբր թէ կորսուած փամփուշտի հպումով կեանք առնէր, թռչնիկը դուրս գար ու կանչէր` «Քու-քու… քու-քու…»: Կահոյքը ըլլար տիպիկ անգլիական եւ այլն: Նման բեմ պատրաստել` պիտի պահանջէր որոշ գումար… Նկատի առած նիւթական սահմանափակումը, եւ ի բաց առեալ «պահմտոցի»-ի ծածկոցէն, միջին դասի վայել նստասենեակը յարդարուած էր լաւագոյն կարելի ճաշակով: Թիկնաթոռներէն մէկը չէզոքացուած էր, որպէսզի դերասանները աւելի ազատ շարժէին: Բարի՛:
Դերակատարներու հագուկապը, ի բաց առեալ` քննիչ Սլէյթըրէն (Հայզաւակ Լեփեճեան) եւ շարժավարէն (Կարօ Բաօղլեան), առնչութիւն չունէր Անգլիոյ միջին դասակարգին հետ: Գնդունի կրկին հագած էր երեք-կտորանոց մուգ տարազը, որ վայելուչ է, բայց… Միայն Պեթի (Բալիկ Սրապոնեան) ունէր հաւաքոյթի վայել հագուստ: Տանտիկինը նոյն տարազով եւ առանց գոգնոցի թէ՛ ճաշ պատրաստեց, թէ՛ հիւրեր ընդունեց եւ թէ՛ պատրաստուեցաւ քնանալու: Զգեստաւորման պարագային հարկ է գոյները ընտրել աւելի նպատակաուղղուած կերպով: Պարզ է, որ վառ գոյները ուշադրութիւն կը գրաւեն:
Անգլիոյ միջին դասակարգի տան մը մէջ կարելի չէ հանդիպիլ արաբական սուրճի «ճեզվէի»: Սրճեփի կարելի է հանդիպիլ այստեղ: Նոյն ուղղութեամբ յոյժ մերօրեայ էր Վիգէն Քէօշկէրեանին մազումօրուսը: Կը թուի, թէ այս խախտումները ուղղուած էին զաւեշտը «տեղայնացնելու»:
Կարելի է անդրադառնալ նաեւ մանրուքներու: «Տաք» գանձը բաղկացած պէտք էր ըլլար գործածուած, մաշած թղթադրամներէ: Մինչդեռ պայուսակէն դուրս թափած ծրարները տպարանէն նոր դուրս եկած էին: Ոչի՛նչ, բարի:
Երաժշտութիւնը եւ լուսաւորումը դեր չունէին: Որմազդը աչքառու էր եւ խօսուն: Ցոյց կու տար խելայեղ վազք եւ բարեյաջող աւարտը: Ինքնաշարժը կը սուրար երթուղիի… լայնքին: Բարի՛: Ոճը եւ տարրերը ամերիկեան էին, ոչ անգլիական, կերպարները` ոչ միջին տարիքի: Այսուհանդերձ` բարի՛:
Լեզուական.- Լեզուն ընդունելի էր` բաղդատած այլ ելոյթներու: Զանց առնուած էին բնագրի տեղական բնոյթ ունեցող (cockney) անթարգմանելի բառեր (Berk կամ Prat), դարձուածքները եւ մեզի համար անհասկնալի ակնարկները դէպի անգլիական սերիալներու եւ առհասարակ մշակոյթին: Այս անշուշտ պարտադիր քայլ է, բայց այս ձեւով գործը կը կորսնցնէ իր համ ու հոտէն կարեւոր մաս մը: Պահ մը շրջենք կողմերը: Կարելի՞ է արդեօք պուրճհամուտեան կատակերգութիւն մը անգլերէնի թարգմանել զանց առնելով «ակա»-ներու իւրայատուկ բարբառը:
Բնագրի եւ արհեստավարժ ելոյթներու մէջ դերակատարները ո՛չ միայն խելայեղ կը վազվզեն, այլեւ գնդացիրային թափով կ’արտասանեն սրամտութիւններ: Այս ուղղութեամբ հիանալի է Էրիկ Ծիրանեանի բեմադրութեամբ «Théâtre de la Michodière»-ի ելոյթը, որ կը կոչուէր «Espèces menacées» (1999 տառացիօրէն «Վտանգուած սէրեր» առաւել բառախաղ): Ի դէպ, այդտեղ բնագիրը ոչ թէ տառացիօրէն թարգմանուած, այլ տեղայնացուած էր: Լեզուն առհասարակ ընդունելի էր: Սպրդած էին քանի մը թրքախօսութիւններ` «շարեմ ըսելով` զարկաւ», «քոյրենք» եւ այլն: Կային նաեւ կարգ մը սխալներ` «ընտրանի»` փոխանակ «ընտրանք»-ի, «հաշուել»` փոխանակ «համրել»-ու եւ այլն: «Բռնաբարութիւն» (hաւանաբար violation) բառին շուրջ հարկ է լեզուական միջնարար:
Անգլերէն տեղանունները սխալ կը հնչուէին, պրն. Նեսթի (չար, աղտոտ) մեզի բան չ՛ըսեր: Ֆրանսական ելոյթը զայն կոչած էր «Ալ Քափոն»: Այսուհանդերձ` բարի՛: Հետագային կարելի է աւելի ուշադիր ըլլալ:
Տանտիրոջ ազգանունն է Փըրքինզ: Perk կը նշանակէ եռուն, կայտառ. ուղղամիտ քննիչը, որ բացայայտեց խաղը, կը կոչուէր Slater, որ կը նշանակէ` քննադատող, պախարակող եւ այլն: Ֆրանսական ելոյթի մէջ Slater կոչուած էր Ռընար, այսինքն` աղուէս: Ներկայ ելոյթի մէջ պատեհապաշտ քննիչին հեգնական Daven-port (աղօթա-դուռ) վերածուած էր Տիանայի, պարզապէս պահելով առաջին տառը: Հարկ էր աւելի ուշադրութեամբ ընտրել անունները:
Արհեստագիտական.- Գունի կոչուած է Անգլիոյ Ժորժ Ֆէյտօ (Feydeau, 1862-1921): Երկու վարպետներուն զաւեշտները չափազանց ֆիզիքական են: Հարկ է շարժումները մեծ խնամքով մանրամասնօրէն դասաւորել ոչ միայն երկու, այլ երեք տարածաչափի (dimension) վրայ, որովհետեւ կան նաեւ թռչող բաներ: Գնդունիին բեմադրած ելոյթները աչքառու են շարժումներու ճշգրտութեամբ եւ ժամանակադրութեամբ (թայմինկ): Բեմադրիչը կը գործածէ բեմահարթակը քառակուսիներու բաժնելու միջոցը: Բեմի մակերեսին վրայ երկրաչափական գծագիրի (graph) նման կ’որոշուին դերասաններու դիրքերը (coordinates – համակարգաւորում) եւ շարժումներու ուղեգիծը: Թերեւս կու գայ այն օրը, երբ հանդիսատեսը կը սկսի գնահատել ելոյթի արհեստագիտական երեսը: Թերեւս պատմական ամփիթատրոնի քառակուսի բաժանումները գեղագիտական չէին:
Մեկնաբանական.- Զաւեշտը կը յիշեցնէ միջնադարէն ժառանգուած այն հեքիաթները, ուր հասարակ աննշան մարդ մը յանկարծ գանձ կը գտնէ: Այդ սուտերը յօրինուած էին, որպէսզի քիչ մը յոյս ներշնչեն հարստահարուող, պատերազմներով եւ համաճարակով անխնայ կոտորուող գիւղացիներուն: Ելոյթի ընթացքին համեստ արտաքինով դրացիս հառաչեց. «Երանի մեզի ալ ասանկ բան մը պատահի»: Գունի պատրանք կը ծախէ:
Գունիի նմանակ Ֆէյտօ ուրախ, անմիտ զաւեշտներ արտադրած էր Ա. Աշխարհամարտին յաջորդող քաղաքական մեծ վերիվայրումներ եւ յեղափոխութիւններ ապրող շրջանի մը մէջ: Շրջան մը, որ աւարտեցաւ ֆաշականութեան յաղթանակով եւ աւելի կործանարար աշխարհամարտով մը: Ֆէյտոյի զաւեշտները կը խօսէին սեռային արկածախնդրութիւններու, ամուսնական դաւաճանութեան եւ նման նիւթերու շուրջ: Նպատակն է մոռցնել առօրեան: Ֆէյտօ պահպանողական թատերագիր մըն էր: Իմա` կը պահպանէր տիրող կարգերը:
Գունի հասաւ իր ասպարէզի գագաթնակէտին, երբ ռիկընականութիւնն ու թաչերականութիւնը յաղթանակ տարին: Այսինքն վայրագ դրամատիրութիւնը տիրեց աշխարհին: Արեւմուտքի մէջ եւ այլուր ընկերվարական ու յեղափոխական օրակարգերը տակաւ թօշնեցան: Գունիի գործերը եւս գրուած են մոռցնելու համար դառն առօրեան: Գունի եւս պահպանողական մըն է: Իմա` կը պահպանէ տիրող վայրագ կարգերը:
Ժամանցային զաւեշտներու մէջ ամէն ինչ սեւ ու սպիտակ է: Չկայ երկբայութիւն, հարկ չկայ վերլուծումի: Գունիի զաւեշտներուն մէջ ընկերային կամ գոյութենական հարցադրումներ չկան: Գունի հանդիսատեսը չի մղեր մտածելու: Բեմի վրայ այնքան «թամաշա» կը ստեղծէ, որ հանդիսատեսը ժամանակ իսկ չ՛ունենար մտածելու: Ա՛յս է ներկայ զաւեշտի եւ բոլոր «հաճելի ժամանցային» զաւեշտներու դիրքը քաղաքական քարտէսին վրայ:
Տեսակցութեան մը ընթացքին Գնդունի կը թելադրէ գնահատել թատրերգութեան կատարողական երեսը (3): Բարի՛:
Կատարողական.- Դիտած եմ զաւեշտի երկրորդ եւ վերջին (6-րդ) ելոյթները: Առաջին հերթին հարկ է շնորհաւորել բոլոր դերակատարները, որովհետեւ վերջին ելոյթին մէջ թատերախումբը զգալիօրէն բարելաւած էր իր կատարումը: Ուրեմն գոյ է սորվելու ձգտում եւ կարողութիւն: Շա՛տ բարի:
Դերակատարներէն երեքը կայացած դերասաններ են: Այդտեղ հարցը կը կայանայ ոչ թէ կարողութեան, այլ մեկնաբանութեան վրայ:
Գնդունի պէտք էր մարմնաւորէր սահմանափակ մտային կարողութեան տէր անձ մը, որ ամենեւին կացութեան տէրը չէ: Բայց մենք այդ կորսուած, շփոթահար, տիպարը չտեսանք: Տեսանք անձ մը, որ աւելի կը նմանէր խմբավարի: Ճիշդ է` վերջին ելոյթին մէջ Գնդունի կ’ոստոստէր, բայց այդ ոչ թէ մանկական շփոթի կը վերագրուէր, այլ` յոխորտանքի: Գնդունիի բեմական ոճը անհամեմատ աւելի ցուցադրական, ձեւապաշտական (mannerist) էր, քան` խումբի մնացեալ անդամներուն խաղարկութիւնը, որ ենթադրաբար կը հետեւէր իր ցուցմունքներուն:
Հայզաւակ Լեփեճեան իսկապէս «հին աղուէս» մըն էր: Պէտք է ենթադրել, որ ան պարզապէս կը ձեւացնէր հաւատալ ամէն վայրկեան վերախմբագրուող անմիտ սուտերուն: Ան առնուազն երեք անգամ վերադարձաւ բեմ: Անձնապէս յիշեցի լուսահոգի Քոլոմպոն, որ իբր թէ գոհացած` հեռանալով իր ոճրագործներուն սուտ ապահովութիւն կը ներշնչէր, ապա անմեղ տեսքով կը վերադառնար եւ կ’որսար իր զոհը: Ի տարբերութիւն երկրորդ, պատեհապաշտ քննիչ օրիորդին, անոր տիպարը իսկապէս ակնածանք կը պարտադրէր:
Տանտիկինը միայն առաջին պահուն կը տատամսի լքելու իր տունը: Ապա կը մտնէ ամուսինին խենթ խաղին մէջ: Այտա Սրապոնեանի խաղարկութիւնը, ինչպէս միշտ, շատ արտայայտիչ էր, բայց` համեմատաբար զուսպ: Ըստ իս, այդ դերը կը պահանջէր աւելի խելառ «մարմնի լեզու», յատկապէս երբ գինով էր: Մեկնաբանութեան հարց:
Վիգէն Քէօշկէրեան ունի մեծ եռանդ, նուիրուածութիւն եւ մօտեցումի լրջութիւն: Կատարեց այն, ինչ պահանջուած էր իրմէ: Պարզ է, որ կրնայ ստանձնել պատասխանատու դերեր եւ բերել իր իւրայատուկ ներդրումը: Բարի՛:
Քննիչ Քրիստինա Սրապոնեան ունի դերասանական շնորհ, որ երբեմն կը փայլատակէ: Ներկայ ելոյթին մէջ կոշտ անձրեւանոցը կը խանգարէր «մարմնի լեզուն» եւ զինք կը մղէր ձեռքերը գրպաններուն մէջ դնելու փորձութեան: Այդ անշուշտ ցոյց կու տայ կացութեան հանդէպ «հեռաւորութիւն»: Նախընտրելի էր ընտրել աւելի «ահազդու» դերասան:
Բալիկ Սրապոնեան ներկայացուց ցարդ իր լաւագոյն խաղարկութիւնը: Կը թուի, որ ատակ է տալու աւելին: Մանուէլ Թոքմաճեան ճկուն, աշխատասէր եւ ներկայանալի դերասան է: Այս անգամ պարզապէս անոպայ «հիւր» մըն էր, կը յուսամ զինք շուտով տեսնել գլխաւոր դերերու մէջ:
Վարորդ Կարօ Բանօղլեան չունէր կարեւոր դեր, բայց անմիջապէս փաստեց, որ թատրոնի մարդ է: Բեմի վրայ ներկայ է հարիւր տոկոս: Ունի նաեւ համակրելի արտաքին եւ խառնուածք:
Հարկ է աւելցնել, որ վերջին ելոյթին մէջ, ցաւօք, ակնբախօրէն աւելցած էին պոռչտուքը, պաչպչուկը, վազվզուքը եւ գիրկընդխառնումները, ի մեծ հաճոյս հանդիսատեսներու:
Բեմադրութիւն.- Գնդունի տուած էր կարելիի սահմաններու մէջ առաւելագոյն կշռոյթն ու բծախնդրութիւնը: Այս ուղղութեամբ բնագրէն որոշ մասեր զեղչուած էին: Բարի՛: Տառացի թարգմանութիւնը չէր պահած բնագրի հիւմորի մակարդակը: «Ստեղծագործ» թարգմանութիւն մը պիտի պահանջէր անհամեմատ աւելի մեծ աշխատանք:
Բացի այդ, բարեյաջող աւարտը հարկ է որ գար որպէս արդիւնք պատահականութեան: Ա՛յդ է զաւեշտի տրամաբանութիւնը: Զաւեշտի ապիկար «հերոսները» ատակ չեն կացութիւնը շրջելու ի նպաստ իրենց: Ելոյթին մէջ դերերը ձեւով մը շրջուած էին: Փոխանակ ենթարկուելու արտաքին ուժերու` կը թուէր, որ հերոսները իրենց կամքը կը պարտադրեն այդ ուժերուն: Նոյնպէս` ի մեծ հաճոյս հանդիսատեսին: Ըստ իս, այս մօտեցումը խոտոր է զաւեշտի տրամաբանութեան: Մեկնաբանութեան հարց:
Մեկնաբանական տեսանկիւնէ կարելի է հիմնուիլ աւարտական տեսարաններուն վրայ: Վտանգաւոր ոճրագործը չէզոքացուց գինով տանտիկինը: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Հերոսանալու համար հարկ է գինովնա՞լ:
Կային նաեւ մանրուքներ: Շարժավարի անունին շփոթը` «Պե՞ն», թէ՞ «Պիլ», կրկնուեցաւ ոչ նուազ քան հինգ անգամ: Այդ արդէն մաշած էր չորրորդ անգամ (4):
Վերջին տեսարանին մէջ, փոխանակ մազապուրծ փախչելու (նախքան որ քննիչը անդրադառնայ, որ իր բռնագրաւած պայուսակը դատարկ է), խումբը կը տեղաւորուի բազկաթոռներու վրայ եւ կիսամութին մէջ կը վերահամրէ արդէն իսկ կրկնակի համրուած դրամը: Ինչպէ՞ս հասկնալ: «Գանձ»-ին հիմնական դերը զիրենք տաղտկալի կեանքէն դուրս բերելն էր: Այդքան ալ հիմնական չէ գումարը 1.678 միլիոն է, թէ՞ 1.687 միլիոն:
Կը մնայ հիմնական հարցականը, այսինքն` գործի ընտրութիւնը: Գունիի զաւեշտը կը պահանջէ մեծ հմտութիւն, բայց չունի մեծ խորհուրդ: Ունեցած փոքր խորհուրդը պահպանողական է, իշխանամէտ: Բեմադրիչը կ’ըսէ, որ իր հիմնական մտահոգութիւնն է թատերական «արհեստագիտութիւնը»: Այլ խօսքով` «Թատրոն` թատրոնի համար»: Անձնապէս համամիտ չեմ այդ մտայնութեան:
Նոր ուժերով համալրուած թատերախումբը ցոյց տուաւ, որ ատակ է ներկայացնելու որակաւոր գործեր:
Բարի՛ երթ:
10 ապրիլ 2017
- «Մէկ զաւեշտ, երկու ողբերգութիւն», «Ազդակ», 26 եւ 27 յունիս 2014:
- Ray Cooney, «Six Rules of Farce», «Տը Թելեկրաֆ», 12 մարտ 2014:
- Տեսակցութիւն Յ. Գնդունիի Հետ, «Ծաղիկ- Բացառիկ», 2017:
- «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյ. 2016: