ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընդունեցէք գովասանքները: Ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ կը մնայ, եւ դուք ուրախ կ՛ըլլաք: Ամիսը պիտի սկսիք յաջողութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Փոփոխութեան ժամանակաշրջան մը կ՛ապրիք: Լաւ որոշեցէք ձեր ընելիքը` նոր որոշումներ տալու ժամանակ: Այս լաւ նշան է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ դրամ ունիք, պահեցէք, որպէսզի խուսափիք անախորժ պատահարներէ: Մտածեցէք ձեր ապագային մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բախտին աստղերը ձեզ պիտի առաջնորդեն Պիտի կարգադրէք ձեր գործերը` առանց որեւէ մէկու մը օգնութեան: Անիմաստ է մեղադրել ուրիշներ ձեր գործերուն դանդաղ ընթանալուն համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տան մէջ հետաքրքրական զրոյց մը պիտի ունենաք: Լաւ բան է ընտանիքի մէջ գաղափարներ փոխանակելը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հրաշքներու մի՛ սպասէք: Միայն ձեր նախաձեռնութեամբ է, որ պիտի իրագործէք ձեր ծրագիրները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը զգաք, որ կը դատուիք եւ պիտի չհամաձայնիք արտայայտուիլ ազատօրէն: Ուշադիր եղէք, որ չխափուիք: Այսօր ապրիլ 1 է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոգնած է՞ք: Օրուան ընթացքին քիչ մը հանգիստ ըրէք` տան մէջ ըլլայ թէ աշխատանքի: Զգուշացէք խափուելէ: Ապրիլ 1 է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարեւորութիւն տուէք մարզանքի եւ գիտցէք անոր օգտակարութիւնը, ինչ որ պիտի կանոնաւորէ ձեր առօրեայ կեանքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան զօրաւոր վէճ մը պիտի ունենաք եւ պիտի չկարենաք խուսափիլ անախորժ վիճակէ մը: Շատ մի՛ հաւատաք, ասօր ապրիլ 1 է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր զաւակները եւ թոռները շատ պատմելիք բաներ պիտի ունենան: Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք զանոնք եւ քաջալերեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր ուզածը չկարենաք ձեռք ձգել, ողբերգութեան մի՛ վերածէք: Այս սովորական եւ պատահական բաներ են: