Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«#Սառնարան #Դրամ #Փախլաւա» Թատերախումբին Պատգամը Մեր Կենցաղին Կամ Նկարագիրին Վրայ Դրամին Ունեցած Ազդեցութիւնն Է

Մարտ 17, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ «#սառնարան #դրամ #փախլաւա» թատերախաղը: Այս առիթով դերասան-բեմադրիչ եւ արուեստագէտ Վարդան Մկրտիչեանի հետ ունեցանք հետեւեալ կարճ զրոյցը:

«#սառնարան #դրամ #փախլաւա»

«Թատերախաղը կը կայանայ սխալ հասկացողութիւններու վրայ: Երեւի քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ բեմին վրայ տեղի ունեցած դէպքերուն ժամանակագրական պատում մը տալ, որովհետեւ կտորը զաւեշտախաղ մըն է (vaudeville), ուր դէպքերու ժամանակագրութիւն գոյութիւն չունի, իւրաքանչիւր դէպք կապուած է այլ իրողութեան մը, եւ հոն կան հանգոյցներ եւ փոխազդեցութիւններ: Շատ արագ ընթացող ոճ մըն է զաւեշտախաղը, որ այս թատերախաղին` «#սառնարան #դրամ #փախլաւա», շատ գեղեցիկ դուրս եկաւ: Անշուշտ թէեւ ասիկա զաւեշտախաղ մըն է, բայց թատերախաղ մը անպայման բարոյական պատգամ մը պիտի ունենայ, որ այս պարագային մեր կենցաղին կամ նկարագիրին վրայ դրամին ունեցած ազդեցութիւնն է: Դրամը հիմնականօրէն կ՛որոշէ, կը սահմանէ մարդոց յարաբերութիւնները, իսկ հակառակ պարագային նաեւ թշնամանք կը սերմանէ մինչեւ իսկ քրոջ ու եղբօր, մօր ու զաւկին միջեւ եւ այլն: Բեմին վրայ պիտի տեսնենք դրամին` մարդոց բարոյականին նկատմամբ ունեցած ձեռնածութիւնը»:

#պատշաճեցում

Լուսանկարները՝ Studio Sevag-ի

««#սառնարան #դրամ #փախլաւա»-ն հիմնուած է Ռոպըրթ Սքոթի «Ըստ տարաձայնութեան» խորագրեալ ստեղծագործութեան վրայ: Այս ներկայացումը սակայն լոկ թարգմանութիւն մը չէ, այլ` պատշաճեցում: Ես միշտ ալ աշխատած եմ թատերախաղ մը պատշաճեցնել, քան թարգմանել ինչպէս որ է: Պատշաճեցում կը նշանակէ տուեալ կտորին հետ բերելիք ու ապրած շրջապատդ ու կենցաղդ եւ կերպարներուդ հետ շաղախել զանոնք. այսպէս ընդհանուր հարազատ գործ մը դուրս կու գայ: Վերջերս հետեւեալ ձեւը որդեգրած եմ, եւ այդպէս ալ ըրի այս թատերախաղին հետ. նախ առաջին արարը թարգմանեցի, եւ սկսանք փորձերուն: Հոն ունէի սկսնակ դերասաններ, զանոնք աւելի ճանչցայ եւ անոնց մասին շատ բան սորվեցայ առաջին արարի փորձերուն ընթացքին: Այսինքն` այս մեթոտով կը հասկնաս, թէ անոնք ի՛նչ կարողութեամբ մարդիկ են եւ ի՛նչ կրնան տալ բեմին վրայ: Անկէ ետք ըստ այնմ, դուն` իբրեւ բեմադրիչ, կը պատրաստուիս կերպարները անոնց կարողութեան սահմաններուն մէջ հրամցնելու, որպէսզի դերասաններուն համար ալ հարազատ հնչեն կերպարները: Ասիկա ոչ արհեստավարժ թատերախումբի մը հրամայականներէն մէկն է, ուր բեմադրիչը ստիպուած է կարողութիւնը ունենալ կերպարը հարազատ դարձնելու դերասանին: Ասիկա գոյութիւն չունի արհեստավարժ թատերախումբերուն մէջ. հոն դերասանները ուզեն թէ չուզեն իրե՛նք կը միաձուլուին կերպարին, եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ: Ուրեմն, երկրորդ արարը թարգմանեցի բազմաթիւ փորձերէ ետք, որպէսզի ատիկա ալ առաւելագոյնս պատշաճեցնեմ իմ ունեցած մարդուժիս:

Պատշաճեցման խնդիրին առնչութեամբ կան այլ հարցեր, օրինակ` հիւմըրի հարցը: Իւրաքանչիւր տարածք, երկիր կամ ազգ իր հիւմըրը ունի, եւ ատիկա անկարելի է թարգմանել ինչպէս որ է: Այդտեղ ալ աշխատանք կը տանիմ յարմարցնելու եւ հարազատ դարձնելու մեր հիւմըրին, ապա թէ ոչ անիմաստ կը դառնայ զաւեշտախաղը: Անշուշտ կայ նաեւ լեզուի հարցը: Ես դէմ եմ, որ հայերէնը ըլլայ այնքան բարձր մակարդակի, որ հանդիսատեսը բան չհասկնայ: Ես չեմ ըսեր, որ փողոցի լեզուն բեմ բարձրացնենք, երբե՛ք, բայց նաեւ բեմը հայոց լեզուի դասապահի չվերածենք: Ի վերջոյ, հանդիսատեսը յարգանքով իր ժամանակը կը տրամադրէ թատերախումբին եւ փոխադարձ յարգանքով պէտք է մօտենալ անոր: Պէտք չէ ակնկալել, որ հանդիսատեսը թատրոնի պատմութիւնը սերտած անձ մը ըլլայ կամ միջազգային մակարդակի թատրոններու ճաշակ մը յառաջացուցած: Այս գծով բեմադրիչը իրաւունք չունի իր եսասիրութիւնը պարտադրելու հանդիսատեսին: Փաստօրէն, բեմը այն հարթակն է, ուր հարցադրումներ կը կատարուին, եւ ոչ թէ տեղի կ՛ունենայ լեզուի դասընթացք: Պատշաճեցման այլ խնդիր մըն ալ, որ պէտք է նկատի առնել, բեմը կրնայ ըլլալ: Բոլոր բեմերը բոլոր թատերախաղերուն համար յարմար չեն կրնար ըլլալ: Հիմնականօրէն մեր կարողութիւններուն պէտք է ծանօթ ըլլալ: Բնականաբար, ըլլալով միութենական թատերախումբ, անոր մէջ ունինք սահմանափակ թիւով դերասաններ: Մեր ներկայացումը ընտրելու ընթացքին չենք կրնար դերասաններ դուրս ձգել, կամ ալ հակառակը` թիւով աւելի շատ կերպարներ պահանջող կտորներ բեմադրել: Իբրեւ միութեան մը թատերախումբին բեմադրիչը, պէտք է ասիկա նկատի առնուի իմ կողմէս»:

#դերասաններ

«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը ունի իր հիմնական դերասանները, որոնք տարիներէ ի վեր կ՛աշխատին խումբին հետ, իսկ ասիկա իմ երրորդ բեմադրութիւնս է թատերախումբին հետ: Ես արդէն ունիմ իմ անձնական խումբս` «ԲԵՄ 2000», ուր դերասաններու ընտրութիւնը տարբեր ընթացակարգէ  կ՛անցնի: Ես այդտեղ կը սերտեմ իմ դերասաններս` նախքան զանոնք փորձերու հրաւիրելը: Իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան ժամանակի ընթացքին արդէն որոշ փորձառութիւն ձեռք կը բերես մարդիկը ճանչնալու եւ անոնց խառնուածքը որոշ չափով ըմբռնելու առումով. պարզ բառերով` «աչք» կ՛ունենաս ճիշդ անձը ընտրելու:

Այս թատերախաղին համար բեմ կը բարձրանան 10 դերասաններ, ներառեալ ես: Այստեղ պէտք է նշեմ հետեւեալը. իբրեւ տարիներու փորձառութիւն ունեցող դերասան, բեմին վրայ այնքան հանգիստ կը խաղամ, որ ոչ արհեստավարժ դերասաններ ետեւ մնան: Բայց ատիկա ճիշդ չէ: Իբրեւ բեմադրիչ այդ իրաւունքը չեմ տար ես-ինծի, որովհետեւ թատրոնը խմբային աշխատանք է եւ ի վերջոյ խումբը պիտի երեւի եւ ոչ թէ անհատներ: Ճիշդ է, որ ես ալ կամ բեմին վրայ, բայց իմ անձնական-դերասանական կարողութիւններս որոշ չափով զոհած եմ, որպէսզի իրենց հետ միասին բեմին վրայ ըլլամ: Այս իմաստով հիմնական հարցը գործն է եւ գործին յաջողութիւնը»:

#մարտահրաւէրներ

«Մարտահրաւէրները շատ են: Կան լեզուական առումով մարտահրաւէրներ, կան յարաբերական առումով մարտահրաւէրներ: Հսկայական տարբերութիւն կայ արհեստավարժ եւ սկսնակ թատերախումբերուն միջեւ: Այստեղ փակագիծ մը բանամ եւ ըսեմ, որ միեւնոյն ատեն ալ սխալ հասկացողութիւն կայ արհեստավարժութեան մասին: Լիբանանի մէջ այդ համոզումը կայ, որ արհեստավարժ է այն դերասանը, որ իր գործին համար գումարով կը վարձատրուի: Իրականութեան մէջ արհեստավարժ դերասանը ան է, որ զարգացած է ամէն առումով, կիրթ մարդ է ու խօսիլ եւ յարաբերիլ գիտէ մարդոց հետ: Դերասան մը հաւասարակշռուած  պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենայ նաեւ ինքզինք հաւասարակշռել բեմին վրայ: Դերասան մը որեւէ շարժուձեւով չի կրնար ինքզինք պարտադրել բեմին վրայ: Արհեստավարժ դերասանը կ՛ունենայ զարգացում, բեմական խօսքի եւ շարժումի ատակութիւն: Ինչ կը վերաբերի մարտահրաւէրներուն, պէտք է ըսել, որ մենք սիրողական մակարդակի թատերախումբ ենք, եւ այս ծիրին մէջ հիմնական խնդիր է դերասանի որակն ու քանակը: Ի վերջոյ, մեր դերասանները աշխատող մարդիկ են, եւ չենք կրնար պարտադրել, որ անոնք յարմարին մեր թատրոնին ժամերուն եւ գործի ծանրութեան: Այստեղ ալ պիտի պատշաճիս: Բայց ասով հանդերձ, մենք կը շարունակենք տոկալ եւ ստեղծագործել, ապա թէ ոչ ի՛նչ գործ ունինք այս ասպարէզին մէջ: Ոմանք աւելի քան 30 տարիէ ի վեր բեմի վրայ կրնան ըլլալ, բայց ոչ այնքան մը, որ ընդունին այս մարտահրաւէրը: Առանց պայքարի ալ ոչ մէկ գործ դուրս կու գայ, ինչպէս որ պէտք է ըլլայ: Ես կը սիրեմ թատրոնը, եւ առանց սիրոյ ոչ մէկ գործ դուրս կու գայ: Թատրոնը ինծի կեանք կու տայ»:

#յակոբտէրմելքոնեան

«Տարբեր բեմերու վրայ խաղացած եմ, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ արաբական թատերասրահներու մէջ, բայց միշտ ալ զարմանալիօրէն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը յատուկ հարազատութիւն ներշնչած է ինծի: Հաւանաբար երբ հանդիսատեսը մուտք կը գործէ, կը գիտակցի, որ հայկական թատերասրահ կը մտնէ. նոյնն է պարագան դերասանին ալ: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ մտնելով որոշ մտային վիճակի մը մէջ կը մտնէ հայը, կարծես ուժ կ՛առնէ «հող»-էն: Զարմանալիօրէն այդպէս է»:

«#սառնարան #դրամ #փախլաւա» կը ներկայացուի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, 17 (կալա), 18, 19, 24, 25 եւ 26 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1967)

Յաջորդը

Մարդը Սիրող Ամէնէն Հարուստ Աղքատը

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?