ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Թոյլ մի տաք, որ ձեր վարսայարդարը իր ուզածին պէս սանտրէ ձեր մազը: Վերջը կրնաք զղջալ: Անոր թելադրեցէ՛ք ձեր փափաքած ձեւը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հարցի մը շուրջ շատ մի՛ պնդէք յամառութեամբ, եթէ նոյնիսկ 100 առ հարիւր իրաւունք ունիք: Կարծիքներու փոխանակումը կարեւոր է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր հարցերը մի՛ պատմէք առաջին հանդիպած անձին: Ձեր խօսակիցը ընտրեցէ՛ք, որպէսզի վստահութեամբ անոր յայտնէք ձեր տեսակէտը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ո՛չ մէկ դժուարութիւն պիտի ունենաք որդեգրելու օրուան հարցերը: Ընդհակառակն` կարգ մը հարցեր պիտի ստիպեն ձեզի որոշելու վաղուան ձեր ընելիքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր տունը խառնակ վիճակի մէջ է, եւ դուք ոչինչ կ՛ընէք: Պէտք է կատարէք ձեր տնային պարտականութիւնները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պատրա՛ստ եղէք աշխատելու տարբեր հորիզոններ ունեցող անձերու հետ: Իւրաքանչիւր անձ պիտի ներկայացնէ իր փորձառութիւնը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի մեղմացնէք ձեր հոգերը: Անոնք ծանր պիտի չկշռեն ձեր վրայ, որովհետեւ պիտի կարենաք հարցերը լուծել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դիւրին յարաբերութիւն պիտի ունենաք ձեր հանդիպած անձերուն հետ, որոնք ունին հետաքրքրական կարծիքներ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մարմինը պահանջը ունի ֆիզիքական աշխատանքի: Ունիք եռանդ, կրնանք կատարել ամէն տեսակի գործ եւ գոհանալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խոհանոցին մէջ նոր ճաշատեսակ մը պիտի փորձէք: Ճաշակողները շատ գոհ պիտի մնան: Երբեմն նոյն ճաշը կրնաք պատրաստել վստահութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքին եւ դերին կարեւորութիւնը պիտի յայտնաբերէք այսօր: Սիրուած անձ էք, պիտի շրջապատուիք հաճելի մարդոցմով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տարուած էք արուեստներով: Կը փափաքիք լսել հին երաժշտութիւն, որով ձեր ճաշակը պիտի զարգանայ: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք կարճ պտոյտ մը: