Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով Յայտնած Է Մօտիկ Ապագային Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմանի Հանդիպումին Մասին

Մարտ 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: «Որպէսզի այդ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան, մենք պէտք է սպասենք Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին», ըսած է Մամետեարով:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ կապուած լայնածաւալ քննարկումներ ունեցած են եւ միտքեր փոխանակած: «Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք մենք պիտի վերադառնանք խնդիրին», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Անդրադառնալով Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին մէջ տիրող լարուածութեան` ան նշած է, որ այդ լարուած վիճակը ցոյց կու տայ, որ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ ճամբով, իսկ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուի:

Նախքան այդ, ԱՓԱ հաղորդած էր, որ Մամետեարով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիային մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները այժմ դադրեցուած են: Ան ըսած է, որ հայկական կողմը չի դիմեր բանակցութիւններու:

«Մենք առաջարկած ենք շարունակել առարկայական բանակցութիւնները, սակայն հայկական կողմը ատոր չէ համաձայնած: Հայաստանի մէջ 2 ապրիլին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մենք նաեւ առաջարկած ենք շարունակել բանակցութիւնները այդ թուականէն ետք», ըսած է ան:

 

 

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտին Մէջ Ստեղծուած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Հարցերու Յատուկ Յանձնախումբ

Յաջորդը

«Երկիր»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած վարկանշային թեկնածուներ Արթուր Ղազարեանի եւ Պարոյր Սանթրոսեանի հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?