Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի օրէնքներու յանձնախումբը ստեղծեց Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նոր յանձնախումբը կազմուած է ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի առաջարկով` նպաստելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հետ նահանգային առեւտրական, մշակութային եւ կրթական կապերու սերտացման:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան ողջունեց այս իւրայատուկ յանձնախումբին կազմութիւնը` շեշտելով, որ այս մակարդակին վրայ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Արցախի առնչուող յանձնախումբ մը կը կազմուի: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտական Փորթանթինոյին, որ պաշտօնը ստանձնելէն միայն երեք ամիս ետք կրցած է յաջողցնել այս նախաձեռնութիւնը:
«Հպարտ եմ, որ կրցայ յաջողութեամբ պսակել այս նախաձեռնութիւնը: Այս երեք երկիրները շատ բան ունին տալիք իրարու, եւ վստահ եմ, որ Հայաստանն ու Արցախը հոյակապ գործակիցներ պիտի ըլլան Քալիֆորնիոյ», յայտարարեց Փորթանթինօ:
Նշենք, որ անցեալ յունիսին Փորթանթինօ Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր` Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանի ընկերակցութեամբ, մօտէն ծանօթանալով հայ գործարարներու, նորարարական կեդրոններու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալով կառավարութեան ու մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:
Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի միւս անդամներն են` Քեւըն տէ Լէոն, Թոնի Մենտոզա, Ճաշ Նիումըն եւ Սքաթ Ուիլք: