Արթուր Ղազարեան. «Հասարակութեան Ստուար Հատուած Մը Կը Կիսէ Մեր Գաղափարները»
Պարոյր Սանթրոսեան. «Իսկ Ո՞Վ Ըսաւ, Որ Քաղաքականութեամբ Կարելի Չէ Ազնուօրէն Զբաղիլ»
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախընտրական շրջանին «Երկիր» անջատ հարցազրոյցներ ունեցած է Արաբկիր, Աջափնեակ, Դաւթաշէն վարչական շրջանները ընդգրկող թիւ 2 ընտրատարածքին մէջ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած վարկանշային թեկնածու Արթուր Ղազարեանի եւ նոյն շրջանի ՀՅԴ վարկանշային ցուցակով առաջադրուած Պարոյր Սանթրոսեանի հետ:
Արթուր Ղազարեան ըսած է, թէ վերջին տարիներու փորձը ցոյց կու տայ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր գործունէութիւնը ուժեղացնելու սկզբնաւորման վիճակի մէջ է, շատ աւելի բարւօք վիճակի մէջ է` հասարակութեան մէկ ստուար հատուած կը կիսէ մեր գաղափարները, ընկալումները, մօտեցումները, ծրագրային դրոյթները, մեր տեսակը: Սակայն երբ ընտրութիւնները կը մօտենան, կը տեսնենք ինչ որ հանելուկային բան մը` կը փոխուի հասարակութեան պահանջը, եւ ի վերջոյ այլ բան դուրս կու գայ: Ասիկա երկու գործօններու ցուցանիշ է` առաջին` ընտրակաշառքի օգտագործման յստակ մեքանիզմ, երկրորդ` վախի մթնոլորտի գոյութիւն: Մենք այստեղ ընելիք ունինք, որ այս երկու գործօնները մեր հասարակութեան կեանքէն վերացնենք, որպէսզի մենք քիչ թէ շատ ունենանք ընտրութիւններու իսկական, առարկայական պատկեր, որ եթէ հասարակութիւնը նոյնիսկ բանական ընտրութիւն չկատարէ, ապա խիղճով, իր ներքին թելադրանքով ընտրութիւն կատարէ: Պէտք է փորձենք հասնիլ անոր: Ատիկա շատ դժուար է, բայց անլուծելի ալ չէ:
Իր կարգին, Պարոյր Սանթրոսեան ըսած է, թէ այսօր քաղաքականութիւնը ոչ արհեստավարժ մակարդակի հասած է, որովհետեւ տարրական քաղաքագիտական գիտելիքներ չունին այն մարդիկ, որոնք քաղաքականութեամբ կը զբաղին: Այսօր այնքան դիւրին է կուսակցութիւն բանալ եւ առանց գաղափարախօսութեան կուսակցական ըլլալ: Առհասարակ` ձեռքի հետ ինչ որ գործով զբաղիլը սխալ է, կա՛մ պէտք է ընես լաւ, կա՛մ ընդհանրապէս չընես: Պատրա՞ստ եմ արդեօք: Այս պահուն չեմ կրնար պատասխանել, քանի որ աշխատանքը, որ կը կատարեմ, ինծի սիրելի եւ հաճելի է` աշխատիլ նոր սերունդին հետ: Բայց, ամէն պարագայի, ըլլալով կուսակցական մարդ, պէտք է ենթարկուիմ կուսակցական որոշումներուն: Բացի ատկէ, չենք գիտեր ինչու, մարդիկ յօրինած են այն, թէ քաղաքականութեամբ կը զբաղին անբարոյականները: Երջանկայիշատակ Վահան Յովհաննիսեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ըսած էր` այդպէս չէ, ուղղակի անբարոյական մարդիկ կը զբաղին քաղաքականութեամբ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ քաղաքականութեամբ կարելի չէ ազնուօրէն զբաղիլ: Ես 7 տարի աշխատած եմ Ազգային ժողովին մէջ եւ այդ մարզին ծանօթ եմ, եւ կը կարծեմ` այնպէս չէ, որ քաղաքական թատրոնը միայն ողբերգութիւններ պէտք է «բեմադրէ», ի վերջոյ, կարելի է նաեւ ազնիւ խաղալ: Ցաւօք, մեր երկրին մէջ քաղաքականութիւնը, քաղաքագիտութիւնն ու դիւանագիտութիւնը սկսած են իրարմէ չտարբերիլ: Շատ կ՛ուզէի` դիւանագիտական ասպարէզին մէջ ունենայինք լաւ քաղաքական թատրոն, իսկ ներքին դաշտին մէջ` ազնիւ դիւանագիտութիւն: