Երէկ` ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան (ԱՊՊԱ) մարզական կեդրոնի վերաբացումը միութեան կեդրոնին մէջ` Պուրճ Համուտ, հովանաւորութեամբ` Մեթնի քաղաքապետութեանց համախմբումի նախագահ Միրնա Մըրի:
Կեդրոնի վերաբացման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխաններ էտկար Մաալուֆ եւ Նեպիլ Նիքոլա, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ժտէյտէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Անթիլիասի քաղաքապետ էլի Ապու ժաուտէ, Մըզհերի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Զալքայի քաղաքապետ Միշել Ասսաֆ Մըր, Ռումիէի քաղաքապետ Ուիլիըմ Խուրի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ:

Ժապաւէնը կտրելէ ետք ձեռնարկը բաց յայտարարուեցաւ: Բացման խօսքը արտասանեց լրագրող Ժորժ Սաատ: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ այսօր հաւաքուած ենք շրջանի մը մէջ, որ յատուկ հարազատութիւն ցուցաբերած է լիբանանեան կեանքին նկատմամբ` աւելցնելով, որ պէտք է յարգել եւ իմանալ Պուրճ Համուտի պատմութիւնը: Լրագրողը ըսաւ, թէ հաւաքուած ըլլալով հայկական համայնքին շուրջ, միասնաբար պիտի հպարտանանք այս ձեռնարկին առիթով` նշելով միաժամանակ, որ այսօրուան ձեռնարկը իւրայատուկ է Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մարզական աշխարհին պատմութեան մէջ, որովհետեւ 40 տարիներ ետք այս մարզական կեդրոնի վերաբացումը պարծանքի արժանի իրագործում մըն է: Սաատ նկատել տուաւ, որ այս միութիւնը նախորդ 4 տարիներուն ընթացքին պատրաստած է աւելի քան 50 հազար մարզիկներ: Ժորժ Սաատ աւելցուց, որ հայկական համայնքը չ՛աշխատիր միայն ինքնիրեն համար, այլ կ՛աշխատի Լիբանանի եւ ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին համար: «Առողջ մարմին», «արթուն միտք» եւ «ազնիւ ոգի», այս սկզբունքներով է, որ կը յարատեւէ ԱՊՊԱ-ն, ըսաւ Սաատ: Լրագրողը նշեց, որ ձեռնարկին ներկայ են հսկաներ, որոնք հիմքը դրին այս միութեան, անոնք հաւատալով վերոյիշեալ սկզբունքներուն, հիմը դրին չինական մարտարուեստին` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուխտելով պատրաստել մարտունակ եւ տիպար նկարագիրով սերունդներ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեանին եւ մեծ վարպետ Միշել Հաուիին` նշելով, որ անոնք երազեցին, հաւատացին եւ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին այս պատուաւոր մարզաձեւին զարգացումը Լիբանանի մէջ, որ իր կարգին չինական մարտարուեստի զարգացման ծննդավայրը եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ: Ժորժ Սաատ ըսաւ, որ Կարօ Քեպապճեան այս միութեան հիմնադիրն է, եւ կը նկատուի միութեան հայրն ու պարծանքը. առանց անոր ջանքերուն, կարելի պիտի չըլլար իրագործել այս միութեան հիմնումը, որ պարծանք է ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ ամբողջ Լիբանանին:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, ԱՊՊԱ-ի հիմնադիր, մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեան` փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Ան նախ նշեց, որ այս միութիւնը հպարտալի միութիւն մըն է, որ ծնունդ տուաւ ֆետերասիոններու` տարբեր երկիրներու մէջ եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Կարօ Քեպապճեան յայտնեց, որ իրեն համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի միութեան Լիբանան վերադարձը: Քեպապճեան ըսաւ, որ այս միութենէն ծնունդ առած են համաշխարհային ախոյեաններ: Իսկ այսօր, ախոյեաններ պատրաստելէ առաջ, իրեն համար առաջնահերթութիւնը տիպար լիբանանցի քաղաքացիներ պատրաստելն է, օժտուած` միութեան սկզբունքներով: Իր խօսքին աւարտին Կարօ Քեպապճեան շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ, այսօր շատ կարեւոր է պատրաստել ազնիւ հոգիներ ունեցող երիտասարդներ, որովհետեւ ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ալ նիւթական տարրերը կը յաջողին երկրի պայմանները բարելաւելու աշխատանքին մէջ, այլ այն երիտասարդութիւնը, որ ունի առողջ մարմին, արթուն միտք եւ մանաւանդ ազնիւ ոգի:


Ապա կրկին բեմ բարձրացաւ լրագրող Ժորժ Սաատ, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Միշել Հաուին եւ բեմ հրաւիրեց: Հաուի ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, որ այս մարզաձեւը մարզանքէ աւելի կենցաղ է, որովհետեւ կը կերտէ տիպար նկարագիր մը, հեռու` յոռի երեւոյթներէ, օրինակ` թմրեցուցիչէ եւ ոգելից ըմպելիներէ: Ան աւելցուց, որ այս միութիւնը այլոց նման միայն մարտարուեստ չէ, որ կը սորվեցնէ, այլ նաեւ առաքինի նկարագիր, որովհետեւ միութիւնը կը հաւատայ, որ առանց երկրորդին առաջինը ծնունդ կու տայ անտեղի կռիւներու, մարտերու եւ անկանոն երեւոյթներու երկրին մէջ:
Մեծ վարպետ Միշել Հաուիի խօսքէն ետք, լրագրող Ժորժ Սաատ ողջունեց օրուան հովանաւոր Միրնա Մըրը եւ անոր ընտանիքը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր սրտին խօսքը: Մեթնի քաղաքապետութեանց համախմբումի նախագահ Միրնա Մըր գնահատեց միութեան իրագործումը` նկատի առնելով երկրին տնտեսական եւ ապահովական ոչ շատ կայուն վիճակը: Ան ըսաւ, որ Մեթնը կը հպարտանայ այս միութեան աշխատանքներով եւ անոր կրթութիւնը ստացած երիտասարդներով:
Ձեռնարկին աւարտին, Կարօ Քեպապճեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Միշել Հաուիին, որուն հետ գործակցած է 1968-էն սկսեալ, ապա ոսկիէ մետալով պարգեւատրեց Մեթնի քաղաքապետութեանց համախմբումի նախագահ Միրնա Մըրը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը:
There is no more lernayin gharapaghi hanrabedutyun. After the recent referendum it’s renamed as republic of artsakh