
«Ռուսարմինֆօ» կը հաղորդէ, որ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկը հրապարակած է զէնքի համաշխարհային վաճառքին մասին հերթական զեկուցումը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ զէնքի ներմուծման:
Ըստ զեկուցումին, 2012-2016 թուականներուն Ազրպէյճան Հայաստանէն 20 անգամ աւելի շատ զէնք գնած է եւ վերջին տարիներուն այն երկիրներէն մէկն է, որ մնայուն կերպով զէնք ձեռք կը բերէ Ռուսիայէն: Ազրպէյճան իւրաքանչիւր տարի կը գնէ Ռուսիոյ մէջ արտադրուած զէնքերուն 4 առ հարիւրը:
Զեկուցումին համաձայն, 2012-2016 տարիներուն աշխարհի վրայ զինուորական արդիւնաբերութեան մարզի մեծագոյն արտածողներն են Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:


