Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափշինի Հարցով Բողոքի Ցոյց` Ախալքալաքի Մէջ

Փետրուար 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ախալքալաքի մէջ երիտասարդները քաղաքային իշխանութեան կողմէ արտօնուած բողոքի ցոյց կատարած են ի պաշտպանութիւն պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի, որ Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արտայանձնուած էր Ազրպէյճանին` Արցախ այցելելուն համար:

Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի նախագահ Արտակ Գաբրիէլեան:

«Մինչ այդ հոլովոյթները տեղի ունեցան եւ Լափշինը արտայանձնեցին Ազրպէյճանին, տեղւոյն երիտասարդութիւնը քիչ մը վրդոված էր: Եւ, տեսնելով, որ հայկական գաղութներուն, թէ Հայաստանի մէջ նմանատիպ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան, դիմեցին մեր խորհուրդին` նոյնպիսի ցոյց կազմակերպելու համար», ըսաւ Գաբրիէլեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք մտավախութիւն չկա՞յ, որ Վրաստանի քաղաքացի հանդիսացող հայերու մեծ մասը եւս եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տարբեր նպատակներով, եւ կրնան օր մը արժանանալ Լափշինի ճակատագիրին, Արտակ Գաբրիէլեան պատասխանած է. «Ջաւախքցիներու մեծ մասը արձակուրդային ամիսներուն կամ այլ առիթներու կը մեկնին Արցախ, նաեւ մտավախութիւն կայ, որ իրենք ալ կրնան գալ, երթալ եւ ձերբակալուիլ: Հաշուի առնելով Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջկառավարական, միջպետական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները` երիտասարդներու մօտ այդպիսի մտավախութիւն կայ», ըսած է Գաբրիէլեան` աւելցնելով, որ այստեղ մամուլի եւ խօսքի ազատութեան հարց ալ կայ:

Անդրադառնալով ցոյցի մասնակիցներու թուաքանակին` Գաբրիէլեան ըսաւ, որ երեք օր առաջ քաղաքային իշխանութիւններէն արտօնութիւն խնդրած են 20 վայրկեան ոչ բազմամարդ ցոյց կատարելու, այդ պատճառով ալ իրազեկում չէ կատարուած բազմամարդ ցոյց ապահովելու համար:

Նախորդը

Ազրպէյճան Հայաստանէն 20 Անգամ Աւելի Զէնք Գնած Է

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէին Մասին. Դաշնակցութեան Տեսակէտը Նոյնն Է

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?