ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութեան պատրաստութիւն մը ձեզմէ շատ ժամանակ պիտի խլէր, բայց` ճամբորդութենէն աւելի նուազ ժամանակ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի մօտիկ անձ մը ձեզի խորհուրդ պիտի տայ, որպէսզի դուրս ելլէք ձեզ մտահոգող հարցէ մը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պաշտօնակիցի մը հետ շատ եռանդուն պիտի աշխատիք, եւ գործը պիտի յառաջդիմէ բնականէն աւելի լաւ ձեւով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բոլոր տեսակի յարմարութիւնները ունիք աշխատանքի մէջ բոլոր պաշտօնեաները գործի մղելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամէն մարդ կը խօսի մարզանքի մասին, սակայն քիչերն են, որ կը կատարեն: Մարզանքը մարմինը առողջ պահելու լաւագոյն ձեւն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարձր արհեստագիտութեամբ ստեղծուած բոլոր առարկաները ձեզի համար շատ սիրելի են: Կը բաւէ, որ քիչ մը հետաքրքրուիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անձ մը, որ ձեզմով կը հիանայ, ձեզի պիտի ուղղէ հաճելի խօսքեր: Ասիկա ձեզի քաջութիւն պիտի տայ: Երջանիկ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի: Պահեցէք ձեր այս յատկանիշը, ինչ որ մեծ յառաջդիմութիւն պիտի բերէ ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի գտնէք ձեր աշխատանքին ոճը եւ պիտի արժանանաք ձեր շուրջիններուն գնահատանքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զրոյցը մեծ ազդեցութիւն պիտի գործէ ձեր խօսակիցին վրայ: «Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ», կ՛ըսէ առածը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաւոր տեղէ եկած ձեր բարեկամներուն հետ հաճելի հանդիպում մը պիտի ունենաք եւ ձեր կարօտը պիտի մեղմացնէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թոյլ մի՛ տաք, որ բարի կամեցողութիւն ձեւացնող անձ մը միջամուխ ըլլայ ձեր անձնական կեանքին: