Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած է «Համշէնը եւ համշէնահայութիւնը. արդի հիմնախնդիրները» գիրքը: Աշխատութեան հեղինակը Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի գիտահետաքննական հաստատութեան տնօրէն, հայագէտ եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանն է, իսկ պատասխանատու խմբագիրը` նոյն կեդրոնի թրքերէն բաժնի պատասխանատու, թրքագէտ եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը:
«Ակունք» լրատուական աղբիւրը կը հաղորդէ, որ գիրքին մէջ ներկայացուած են Համշէնի եւ համշէնահայութեան համառօտ պատմութիւնը եւ արդի հիմնախնդիրները, որոնք կրնան հետաքրքրել թէ՛ մասնագէտները եւ թէ՛ բազմաթիւ ընթերցողներ: Ուսումնասիրութեան մէջ առանձին գլուխներով ներկայացուած են Համշէնի իշխանութեան ձեւաւորումն ու վերելքը, Օսմանեան կայսրութեան իսլամացման քաղաքականութիւնն ու Համշէնի պայքարը ինքնութեան պահպանման համար 15-19-րդ դարերուն ընթացքին, համշէնահայկական շրջաններու ձեւաւորումը ռուսական կայսրութեան եւ անոնց հետագայ վիճակը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ապրող կրօնափոխ համշէնցիներուն մասին: