Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք Տոքթոր Հրայր Սրապեանի Յիշատակին

February 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան կենդանի զոհերէն` տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեանի երէց որդին էր տոքթ. Հրայր Մկրտիչ Սրապեանը, որ մեզմէ բաժնուեցաւ 2017-ի Հայկական Սուրբ Ծնունդի առաւօտը, վիշտի մէջ թողելով սիրելի ազգականներ եւ բարեկամներ: Եգիպտոսի պետական համալսարանի Բժշկական դպրոցէն շրջանաւարտ` 1959-ին, երիտասարդ Հրայր Սրապեան Իրլանտա կը մեկնի մասնագիտանալու համար վիրաբուժութեան եւ մարմնի թմրագիտութեան մէջ: Ան կը գործէ իբրեւ բժիշկ Հոլանտայի եւ ապա Լիբանանի մէջ` մինչեւ 2008 թուական:

Թէեւ տոքթոր Սրապեանի կեանքի ասպարէզը եղած է բժշկութիւնը, ան շատ մօտէն հետաքրքրուած է ազգային հարցերով, հայոց եւ միջազգային պատմութեամբ: Յարատեւ կարդացող մըն էր ան: Տոքթ. Հրայր Սրապեան իր տեսակէտները կը բաժնէր բարեկամներու հետ` երկար զրոյցներու ընթացքին: Սրապեան կը հաւատար, որ զինեալ պայքարով կարելի է Հայկական հարցին լուծում գտնել առանց բացառելու անշուշտ դիւանագիտական գործունէութիւնը: Ան կը զմայլէր Անդրանիկի, Դրոյի եւ Նժդեհի գործունէութեան եւ նուիրուածութեան վրայ: Յաճախ կը յիշէր Արշաւիր Շիրակեանն ու միւս հերոսները, որոնք արդար ձեռքերով զգետնեցին Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու պարագլուխ բորենիները:

Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ տոքթ. Հրայր Սրապեանի խորունկ հետաքրքրութեան աղբիւրը անոր հայրն էր` տոքթոր ատամնաբուժ Յովհաննէս Յակոբ Սրապեանը: Վերջինս Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղը ծնած էր, աւարտած` Եփրատ քոլեճը եւ 1915-ի  ամրան Հայոց Գողգոթայի ճանապարհէն յաջող կերպով փախուստ տուած ու անցած էր Պէյրութ, ուր մտած էր Սուրիական աւետարանական քոլեճի (ներկայիս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարան) Բժշկական դպրոցը եւ վկայուած իբրեւ ատամնաբուժ-վիրաբուժ: Յովհաննէս  բռնագաղթի իր յուշերը գրի առած էր փոքր տետրակներու մէջ եւ բերանացի ալ պատմած էր իր զաւակներուն: Հրայր փոքր հասակէն լսելով իր հօր եւ համայն հայոց ոդիսականը, զայրոյթով լեցուած էր եւ յաճախ իր ընդվզումը կը յայտնէր: Հրայր իր հօր խոստացած էր անոր յուշերը հրատարակել գրքոյկով մը, որուն պատրաստութեան համար ան տքնեցաւ իր կեանքին վերջին տարիները: Հրայր Սրապեան մեկնեցաւ այս աշխարհէն, երբ տակաւին իր հօր յուշերը չէին հրատարակուած, սակայն գրեթէ վերջնական կազմի մը մէջ դրուած էին: Այդ գիրքը` «Թուրքիոյ գենէն տարագրութիւն, յուշք նամականի» շուտով լոյս կը տեսնէ:

Տոքթ. Հրայր Սրապեանի մեկնումը իր բարեկամական եւ ազգականական շրջանակին մէջ մեծ բացութիւն մը թողուց:

Հանգիստ նինջ յարգելի եւ  շատ սիրելի տոքթ. Հրայր Սրապեան:

Պէյրութ, 25 յունուար 2017

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած Է Հայկազուն Ալվրցեանին «Համշէնը Եւ Համշէնահայութիւնը. Արդի Հիմնախնդիրները» Գիրքը

Յաջորդը

Ընկերային Ծառայութեան Միջազգային Օրուան Առիթով Տիկնանց Յանձնախումբերու Հաւաք

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.