Ուրբաթ, 10 փետրուարին խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի ցանկին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞նք են ՀՅԴ ցանկին առաջին երեք անունները, ան ըսաւ, որ ներկայիս ցանկը չեն կրնար հրապարակել, որովհետեւ տակաւին չեն գիտեր ցանկին անուններու դասաւորումը` աւելցնելով, որ անիկա քննարկման փուլի մէջ է, եւ դեռ ժամանակ կայ մինչեւ 16 փետրուար:
«Նախ մենք պէտք է որոշում կայացնենք, եւ մինչ այդ ոչ ոք իրաւունք ունի այս գծով յայտարարութիւն ընելու: Ասիկա պիտի որոշէ Գերագոյն մարմինը: Քիչ մըն ալ սպասեցէք եւ ցանկերուն մասին տեղեակ պիտի ըլլաք», ըսաւ Ռուստամեան:
Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին, պատգամաւորը յորդորեց շատ ակնկալութիւն չունենալ, որովհետեւ վստահ չէ, որ երկրորդ փուլ կրնայ ըլլալ: Ան նաեւ նշեց, որ այս ընտրութիւնները նոր որակով պիտի ընթանան:
«Կը կարծեմ, թէ ոեւէ մէկը առանձինն չի կրնար մեծամասնութիւն ունենալ, սակայն չեմ բացառեր նաեւ, որ երկու կամ երեք խումբեր միանալով, այդ մեծամասնութիւնը կազմեն առաջին փուլէն ետք: Իսկ եթէ երկրորդ փուլ եղաւ, ապա անոր մասնակցելու համար նոր դաշինքներ կրնան ձեւաւորուիլ», նշեց Արմէն Ռուստամեան:
Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին, որովհետեւ որեւէ մեծամասնութիւն ձեւաւորելը կամ Ազգային ժողովին մէջ ներկայութեան որոշ թիւ արձանագրելը ինքնանպատակ չէ: «Մենք ունինք շատ յստակ ծրագիր, որով հասած ենք այն փուլին, որ այսօր մեր երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններու հիմք դրած ենք, սակայն այդ ծրագիրը շարունակելու խնդիր ունինք: Հայաստանի մէջ նոր սկիզբ պիտի արձանագրուի, ինչպէս նաեւ նոր որակով իշխանութիւն պիտի կազմուի, մենք այս բոլորը ժողովուրդին պիտի ներկայացնենք նախընտրական փուլին` մատնանշելով, թէ որո՛նք են այս ընտրութիւններուն առանձնայատկութիւնները, եւ ինչպիսի՛ վիճակ պիտի ստեղծուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ անոր նախաձեռնող ուժը եղած է Դաշնակցութիւնը», յայտնեց Ռուստամեան:
Ան աւելցուց, որ այսօր ժողովուրդը պէտք է յստակօրէն տեսնէ, որ սահմանադրական փոփոխութեամբ «Ամէն ինչ յաղթողին, իսկ պարտուողին` ոչինչ» սկզբունքը վերացած է, հետեւաբար պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի ատիկա կրկին չվերադառնայ:
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ նաեւ Պիելոռուսիոյ կողմէ պլոկըր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու դէպքին:
«Այն, ինչ որ կը կատարուի Լափշինի դատավարութեան առնչութեամբ, մարդու իրաւունքներու մրցանշային խախտում կատարող երկու բռնապետ երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած յանցաւոր համաձայնութիւն մըն է, որովհետեւ այս արտայանձնումը իրաւական լուրջ փորձաքննութեան չի կրնար դիմանալ: Ակնյայտ է, որ ասիկա զուտ քաղաքական որոշում է, երկու բռնապետներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան արդիւնք:
«Բնականաբար, այս բոլորը որեւէ դատական հոլովոյթը չէ անցած, որովհետեւ շատ բացայայտ է, որ Լուկաշենքոն կը թելադրէ, թէ դատավարութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է ընթանայ: Ասիկա պէտք է դիտել Լափշինի անձի պարունակէն դուրս եւ անկէ անդին», շեշտեց Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այդ երկու բռնապետական պետութիւնները կը գիտակցին, որ այս դէպքին ձիւնագնդիկը կրնայ մեծնալ, սակայն չի բացառուիր նաեւ, որ որոշ մարդկային, անձնական եւ անհատական յատկանիշները նկատի առնելով, Լափշինին ներում շնորհեն` զայն փոխանցելով կա՛մ Ռուսիոյ, կա՛մ Իսրայէլին, որպէսզի այդպիսով ցոյց տան, թէ որքա՛ն մեծահոգի եւ մարդասէր են:
Ըստ Ռուստամեանի, Լափշինի արտայանձնումը կը նշանակէ, որ բոլոր անոնք, որոնք տագնապներու գօտի այցելեն, կրնան Լափշինի ճակատագիրին արժանանալ: Այդ անհեթեթութիւնը կրնայ հասցնել հոն, որ, օրինակ, ըսուի, թէ ամբողջ հայ ժողովուրդը պէտք է արտայանձնել Ազրպէյճանին, կամ, ըսենք, Խրիմ գացողները պէտք է արտայանձնել Քիեւին եւ այլն:
«Հարց պէտք է բարձրացնել այն ձեւով, որ մարդու իրաւունքները ամբողջ աշխարհին մէջ գերակայ արժէք կը հանդիսանան, այսինքն, եթէ խնդիրը քաղաքական լուծում չէ ստացած, ապա մարդու ազատ տեղաշարժի իրաւունքը պէտք չէ սահմանափակուի: Անհեթեթութիւն է, այսինքն` արցախցիները եւս իրաւունք չունին երթեւեկելու, եթէ Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը չեն ստացած: Անհեթեթութիւնն ալ իր չափն ու սահմանը պէտք է ունենայ: Այսպիսի հարցերը պէտք է փոխանցուին միջազգային ատեաններ ու լուծում ստանան, եւ ոչ թէ Լուկաշենքոյին կամ Ալիեւին բարեհաճութիւնը ակնկալուի այս հարցերուն առնչութեամբ», եզրափակեց Արմէն Ռուստամեան: