Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան. «Լափշինի Մեղքի Աստիճանը Պիտի Որոշէ Դատարանը»

Փետրուար 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Ռաուֆ Կուլիեւ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ երկրին սահմանադրութեան եւ համապատասխան օրէնսդրութեան մէջ գոյութիւն ունին բոլոր երաշխիքները Ալեքսանտր Լափշինի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործով «առարկայական եւ արդար քննութիւն» կատարելու համար:

«Քանի որ յանցագործութիւնը կատարուած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, Պիելոռուսիոյ լիազօր մարմիններուն կողմէ Լափշինի Ազրպէյճանին փոխանցումը կատարուած է այդ մարզը կարգաւորող միջազգային համաձայնագիրներու արժեչափերուն պահպանումով», ըսած է Կուլիեւ:

Ըստ անոր, մեղադրեալին իրաւական պատասխանատուութիւնը եւ մեղքի աստիճանը «պէտք է որոշէ Ազրպէյճանի համապատասխան դատարանը»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով իր կարգին մէկ օր առաջ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էր, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները վրդոված են Ալեքսանտր Լափշինի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին քաղաքականացումով, անոր ճակատագիրը պիտի որոշէ դատարանը:

«Զիս կը զարմացնէ եւ կը վրդովեցնէ այդ հարցին աւելորդ քաղաքականացումը: Անընդհատ զինք պլոկըր կը կոչեն: Իսկ եթէ երկրաչափ ըլլար, անով պիտի չհետաքրքրուէ՞ին: Ան խախտած է օրէնքները, եւ իրաւական հիմնաւորումով յարուցուած է քրէական գործ, որուն հիման վրայ Ինթերփոլին ներկայացուած է դիմում, որուն համաձայն ալ զինք ձերբակալած է պիելոռուսական կողմը: Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան ծիրին մէջ` Քիշնեւի հռչակագիրին համաձայն: Շահարկումները այն հարցին շուրջ, որ ան պլոկըր է, չի նշանակեր, որ ան օրէնքին առջեւ անձեռնմխելիութիւն ունի», յայտարարած է ան:

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի օգնական Նարեկ Մալեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հարցումին ի պատասխան, Ինթերփոլի ընդհանուր քարտուղարութենէն այսօր պատասխանեցին, որ Ալեքսանտր Լափշին Ինթերփոլի հաշուառումներով երբեք չէ անցած, միջազգային հետախուզման մէջ երբեք չէ եղած»:

Մարդկային Իրաւանց Պաշտպաններու Եւրոպական Հիմնարկը
Խիստ Մտահոգիչ Կը Նկատէ Լափշինի Ձերբակալութիւնն Ու Արտայանձնումը

Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան, արտայանձնման եւ խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը:

«Արմէնփրես» կը ներկայացնէ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.

«Լրագրող եւ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութիւնն ու հետագային անոր արտայանձնումը խոր մտահոգութեան առարկայ է: Տուեալ դէպքը կրնայ յանգեցնել խօսքի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ազատութիւնը խախտող անթոյլատրելի իրավիճակի:

«Հաշուի կ՛առնուի այն փաստը, որ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներու եւ լրագրողներու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնները ունին անգնահատելի նշանակութիւն մարդասիրական տեսանկիւնէն եւ այդտեղ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ առարկայական տեղեկութիւններ տրամադրելու առումով: Որեւէ գործողութիւն, որ ուղղուած է զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու ժողովրդավարական առաքելութիւնը տարածքային առումով սահմանափակելուն, ենթակայ է խիստ դատապարտման: Ա. Լափշինի արտայանձնման որոշումը իսկական սպառնալիք է եւրոպական արժէքներու հիմքը եղող` խօսքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան համար. այդ ձեւով լրջօրէն կը վտանգուին մարդու իրաւունքներու արժէքները:

«Վերը նշուածէն բացի, Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումը մտահոգիչ է անոր խոշտանգումին եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուելու իրական կարելիութեան պատճառով: Ա. Լափշինի նկատմամբ վատ վերաբերմունքի ակնյայտ վկայութիւնն է այն, որ անոր ձերբակալումը եւ մէկ այլ շրջան տեղափոխելը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներով` ձեռնաշղթայուած, բերման ենթարկելը դիմակաւորուած եւ զինուած զինուորականներու կողմէ: Լրագրողին նկատմամբ այսպիսի վերաբերմունք անթոյլատրելի է:

«Յատկապէս անհանգստացնող է այն, որ որոշ լրագրողներէն արդէն իսկ ստացուող շարք մը տեղեկութիւններու համաձայն, որոշ անձեր նամակներ կ՛ուղարկեն լրագրողներու` սպառնալով հետապնդման ենթարկել զանոնք անոնց լրագրական գործունէութեան համար: Անընդունելի է օգտագործել այս անթոյլատրելի քայլը արհեստական հետապնդումներու եւ լրագրողներու ու քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու իրաւունքներու ոտնահարման նպատակով:

«Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը կ՛ողջունէ որեւէ տարածքի մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը եւ այլ շրջաններ, խօսքի ազատութիւնը պաշտպանող արձագանգները, որոնք արդէն իսկ կատարուած են ԵԱՀԿ-ի զանգուածային լրատուամիջոցներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի, եւրոպական առանձին պաշտօնեաներու եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ:

«Այդպիսի անթոյլատրելի գործելաոճ կանխարգիլելու համար անիկա պէտք է հակադարձուի խիստ դատապարտումով»:

Նախորդը

«Արցախ Այցելելը Յանցանք Չէ» Կարգախօսով Ցոյց` Պիելոռուսական Խանութին Դիմաց

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ցանկը Կ՛որոշէ Գերագոյն Մարմինը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?