Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Զօրակցութիւն Յայտնելէ Ետք. «Եւրոպական Միութիւնը Լիակատար Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Մինսքի Խմբակի Առաջարկներուն» Կ՛ըսէ Թուսք

Փետրուար 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ առաջարկներուն:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք:

«Մենք քննարկած ենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը: Սթաթիւս քոն անկայուն է: Տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ քաղաքական արագ լուծման կարիք ունի` միջազգային իրաւունքին համապատասխան», ընդգծած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

Թուսք նաեւ շեշտած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, ներառեալ խօսքի ազատութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը կը հաւատայ, որ բաց հասարակութիւնը երկարաժամկէտ կայունութեան եւ բարգաւաճման լաւագոյն երաշխաւորն է: Մենք յոյսով ենք, որ յառաջիկային պիտի աշխատինք այս հարցերուն շուրջ իբրեւ գործընկերներ», նշած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

«ԱզերԹակ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուսք յայտարարած է. «Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր գործընկեր մըն է Ազրպէյճանը, որուն անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան կը զօրակցինք: Կ՛ուզենք ուժանիւթի մարզին մէջ մեր վստահելի եւ ռազմավարական գործընկերութեան վրայ կառուցել: Ազրպէյճանը Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան եւ մատակարարման բազմազանութեան համար կարեւոր է: Կազի հարաւային միջանցքը վերջնականացնելու հասարակաց յանձնառութիւն մը ունինք», ըսած է Թուսք:

Ան յայտնած է. «Եւրոպական Միութիւնը արդէն Ազրպէյճանի հիմնական առեւտրական գործընկերն է եւ անոր ամէնէն կարեւոր ներդրողներէն մէկը: Մտադիր ենք յառաջիկայ տարիներուն այդ առեւտրական յարաբերութիւնները առաւել եւս ընդլայնել»:

 

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Շուէտի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար Փեոթր Սվիթալսքին

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?