Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Շուէտի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

February 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 փետրուարին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Շուէտի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քեննեթ Ֆորշլունտի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու  յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան:

Երկուստեք շեշտուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Շուէտի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին մէջ մեծ է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն դերակատարութիւնը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր շրջանակային համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի յառաջ մղումին ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ  գործադրուող ջանքերը:

Հիւրերուն խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին շրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու:

Նշենք, թէ պատուիրակութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու  յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Հիւրերը եղան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացան Ցեղասպանութիւնը հաստատող վաւերագիրներուն եւ լուսանկարներուն:

 

Նախորդը

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Երուանդ Փամպուքեանն ու Շահան Գանտահարեանը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Զօրակցութիւն Յայտնելէ Ետք. «Եւրոպական Միութիւնը Լիակատար Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Մինսքի Խմբակի Առաջարկներուն» Կ՛ըսէ Թուսք

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.