Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար Փեոթր Սվիթալսքին

Փետրուար 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեոթր Սվիթալսքին:

Քննարկուած են փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ մինչեւ օրս կատարուած քայլերը, մասնաւորապէս, օրէնսդրական բարեփոխումները եւ ընդունուած որոշումները, փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի շրջագիծին մէջ իրականացուած աշխատանքները: Անդրադառնալով յառաջիկային կատարուելիք աշխատանքներուն` վարչապետը նշած է, որ ներկայիս մշակուած է օրէնսդրական նոր փաթեթ, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու բարոյագիտութեան յանձնախումբի հիման վրայ  հակափտածութեան անկախ կանխարգելիչ մարմինի ստեղծում: Այդ փաթեթով ամբողջովին վերատեսութեան ենթարկուած են գործող յայտարարագրման եւ  շահերու բախման համակարգերը: Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ  փտածութեան յանցագործութիւններու քննութեան որակի կատարելագործման ուղղութեամբ: Ներկայիս Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի քննարկումներու հիման վրայ կը մշակուին շարք մը կարեւոր օրէնսդրական նախագիծեր, որոնք ուղղուած են բոլոր մարզերուն մէջ փտածութեան վտանգի նուազեցման:

Վարչապետը ընդգծած է, որ փտածութեան դէմ պայքարի միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը եւ յաջողութիւնը կախեալ է նաեւ հասարակութեան քաղաքացիական դիրքորոշումէն, եւ կառավարութիւնը աշխատանք պիտի տանի հանրութեան հետ յետադարձ կապը ամրապնդելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու միջոցով: Կարէն Կարապետեան նշած է, որ կառավարութիւնը բաց է առաջարկներու համար` կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան գործընկերներու հետ համագործակցութիւնը:

Փեոթր Սվիթալսքի ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութեան ջանքերը` փտածութեան դէմ պայքարի գործին մէջ եւ  վարչապետին փոխանցած գործարար հանրութեան շնորհակալութիւնը մարզին վերաբերող որոշումներու եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու համար: Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ` վարչապետին նախանշած առաջնահերթութիւններուն եւ  հակափտածութեան բարեփոխումներու տրամաբանութեան շրջագիծին մէջ:

Վարչապետը եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը միտքեր փոխանակած են Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու  կեդրոնի ծիրին մէջ միացեալ ծրագիրներու կարելիութիւններուն շուրջ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Զօրակցութիւն Յայտնելէ Ետք. «Եւրոպական Միութիւնը Լիակատար Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Մինսքի Խմբակի Առաջարկներուն» Կ՛ըսէ Թուսք

Յաջորդը

Փութին-Ռուհանի Հանդիպումին Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Ղարաբաղեան Հարցը

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?