Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արժանթինի Հայ Համայնքը Կը Դատապարտէ Չաւուշօղլուի Այցելութիւնը

February 1, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուէնոս Այրեսի հայկական համայնքի կազմակերպութիւնները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, ուր կը դատապարտեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի այցելութիւնը Արժանթին:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.

«Արժանթինի հայկական համայնքը, որ մեծաւ մասամբ կը բաղկանայ թրքական պետութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն կատարուած Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթականներէ, կը մերժէ եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը Արժանթին: Չաւուշօղլու ոչ միայն յանցագործ պետութեան ներկայացուցիչն է, այլեւ` Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան գործող բազո՛ւկը: Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար` Չաւուշօղլու կը փորձէ ահաբեկել բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, կամ նոյնիսկ կ՛ակնարկեն Հայոց ցեղասպանութեան: Յիշենք Ռուսիոյ, Եւրոպական խորհրդարանի ու Վատիկանի դէպքերը, նաեւ Գերմանիոյ ու Միացեալ Նահանգներու` 2016 թուականի դէպքերը: Համոզուած ենք, որ իր նպատակը, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, խօսքի ազատութեան գրաքննութեան մոտելը (նախատիպ-Խմբ.) արտահանելն է, այն մոտելը, որ կը վարէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը իր սեփական ժողովուրդին հանդէպ: Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ առիթներ, երբ թրքական դիւանագիտութիւնը լոպիինկի միջոցով փորձած է արգելակել հայ ժողովուրդին հանդէպ զօրակցութեան բանաձեւերը ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Կոչ կ՛ուղղենք Պրազիլի, Ուրուկուէյի եւ Արժանթինի իշխանութիւններուն` խուսափելու թրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութեան որեւէ մէկ արտայայտութեան հաւանութիւն տալէ»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շեշտեց Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Կատարելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի Կառավարութեան Ներկայացուցած Է 2016-ի Գործունէութեան Ծրագիրի Եւ Գերակայ Խնդիրներու Կատարման Մասին Հաշուետուութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.