ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Իտէալ օր մըն է ընտանեկան հաւաքոյթ մը կազմակերպելու համար: Այսօր բացառիկ օրերէն մէկն է ձեզի համար, արժէքը գիտցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան յարկի տակ պիտի ունենաք ուրախանալու լաւ առիթներ: Հետեւեցէք օրուան հարցերուն, որպէսզի կարենաք ճիշդ որոշում տալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հեռու մնացէք սովորական պտոյտներէ, թոյլ տուէք, որ աննախընթաց կերպով առիթներ ստեղծուին ուրախանալու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հիւրեր պիտի ընդունիք` նախաճաշի կամ ճաշի, իւրաքանչիւրը պէտք է ստեղծէ երջանկութեան իր պահը: Օրը փայլուն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրուան աստղը պիտի ըլլաք: Քիչ մը աւելի համբաւ` եւ ձեզի համար պիտի փռեն կարմիր գորգ: Երանելի եւ բախտաւոր էք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր նկարը տպել տուէք լաւ թուղթի մը վրայ, որպէսզի ունենաք ընտանեկան ալպոմը: Օրը ուրախ պիտի անցնի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընդունեցէք ձեր բարեկամները: Անոնք կը սպասեն ձեր հրաւէրին անհամբերութեամբ: Ձեր պարտականութիւնը լաւ կատարեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անորոշութեան մը դիմաց պիտի գտնուիք: Այս իրողութիւնը գրգռիչ է, որովհետեւ չէք գիտեր, թէ հարցը ի՛նչ բանի կը վերաբերի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտրեցէք ձեր այն երազանքները, որոնք իմաստ ունին: Անոնք ներշնչումի աղբիւր պիտի ըլլան: Բնական կեանքի մը հետամուտ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի կարենաք փոխել յոռետես անձի մը մտածումները: Պիտի ստանաք անակնկալ գումար մը, որ ձեզի մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամանակ տրամադրեցէք խօսակցութիւն մը ունենալու անձի մը հետ: Դուք ձեզ հասկցնելու միջոց մըն է այս: Բարեկամներու հետ սիրալիր եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի մասնակցիք գործունէութեան մը, որ շատ հաճելի պիտի թուի ձեզի, այն աստիճան, որ աւարտին ժամադրութիւն մը պիտի առնէք: