Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեգրութիւն Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի,1923-2013» յուշամատեանին շնորհահանդէսը:
Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ արժեւորեց յուշագրական գրականութեան դերակատարութիւնը, յատկապէս այսօր, երբ բազմաթիւ վտանգներ կը սպառնան Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն: Ան նկատել տուաւ, որ արխիւներու չգոյութեան պատճառով, հաւաքական յիշողութիւնը կորուստէ փրկելու միջոցները մասնակիօրէն խիստ մատչելի դարձած են սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ: Հետեւաբար, յատկապէս այս տխուր իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է դիտել յուշամատեանին հրատարակութիւնը, անոր նուիրուած շնորհահանդէսը:
Բեթէլ վարժարանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ. «Այսօր ձեզի կը ներկայացնենք հատոր մը, որ կը պատմէ երբեմնի հայ տարագիր անտունին կրթա-դաստիարակչական տուն տալու մասին: Բեթէլը` իբրեւ Աստուծոյ տունը, հարազատութիւն կը սփռէր երկար տարիներ եւ կը շարունակէ մինչեւ օրս, նոր եւ անպատմելի տնազրկութեան մթնոլորտի մէջ»: Վեր. Հայտոսթեան գնահատանքի խօսք ուղղեց այն նուիրեալ ծառաներուն, որոնք մասնակցեցան Բեթէլը լուսաւորութեան տուն դարձնելու աշխատանքին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վեր. Յարութիւն Սելիմեան: Ան նշեց, թէ յուշամատեանին հրատարակութիւնը ինքնին ապացոյց է հայ աւետարանական հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ Հայ աւետարանական պատմութեան մէջ իրենք զիրենք ընծայաբերող տիտաններու կատարած կոթողային առաքելութեան: Վեր. Սելիմեան մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հրատարակութիւնը իրականացնելու աշխատանքին նպաստեցին:
Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց յուշամատեանը` ընդգծելով, որ սոյն հրատարակութիւնը գիրք մը ըլլալէ աւելի` ապրողներուն կը յղէ պատգամ մը վրէժ լուծելու ցեղասպան թուրքէն: Ան համառօտակի ներկայացուց Բեթէլի բոլորած ճամբան, հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ ներկան, շեշտելով, որ Բեթէլ վարժարանը եղած է հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութիւնը հայ դպրոցի ճամբով վերապրող հայութեան հաղորդելու օճախ:
Ահարոն Շխրտըմեան ընդգծեց, որ 90-ամեակի այս յուշամատեանը նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պատրաստակամութիւն է միաժամանակ եւ ապացոյց` ստեղծարար մեր ժողովուրդի նկարագիրին:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Բեթէլի պատմութեան յուշագրութեան ընդմէջէն քաղելով պատմութիւնը յիշելու, անկէ թելադրուելու եւ անով ուղղելու գրաւականը: Ան շնորհաւորեց Բեթէլ եկեղեցին ու վարժարանը իրենց նուիրական աշխատանքին համար եւ ներկայացուց իր շնորհաւորական մաղթանքը ապագային նկատմամբ:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշամատեանի շնորհահանդէսին առիթով կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն: Այս միջոցին, փափաքողները, վեր. Յարութիւն Սելիմեանի մակագրութեամբ յուշամատեանի օրինակներ ստացան` անվճար:
Թղթակցութենէն յստակ չէ թէ նշեալ վարժարանը ուր կը գտնուի, ու շնորհիւ համացանցի «Ուիքիփիտիա»-ի տեղեկութեան` Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը կը գտնուի Սուրիոյ, Հալէպ քաղաքին մէջ, եւ թէ 2015 թուականին ունէր 250 երկսեռ աշակերտութիւն: