Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գագիկ Ծառուկեան Կը Բանայ Իր «Քաղաքական Գործունէութեան Փակուած Էջը»

January 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kakig_11717

Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հիմնադիր Գագիկ Ծառուկեան յայտարարած է, որ կը բանայ իր «քաղաքական գործունէութեան փակուած էջը», եւ որ պիտի մասնակցի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` «ձեւաւորելով լայն դաշինք»:

«Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած յայտարարութեան մը մէջ Ծառուկեան կատարած է այս հաստատումը:

Մեկնաբանելով 2015 թուականի փետրուարեան իրադարձութիւններէն ետք քաղաքականութենէն հեռանալու իր որոշումը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հիմնադիրը ըսած է. «Իմ որոշումէս ետք քաղաքական դաշտին մէջ յառաջացած բացը ոչ մէկ քաղաքական ուժ եւ գործիչ այդպէս ալ չկրցաւ փակել: Քաղաքական որոշ առաջնորդներու եւ գործիչներու` այդ օրերուն դրսեւորած վարքագիծին գնահատականը կը յանձնեմ հանրութեան եւ Աստուծոյ դատին»:

Քաղաքական դաշտ վերադառնալու պատճառներուն մասին խօսելով` Ծառուկեան յայտարարած է, որ ինք զերծ կը մնար քաղաքական հոլովոյթներուն մասնակցելէ, եթէ տեսնէր ու վստահ ըլլար, որ Հայաստան կ՛ընթանայ ճիշդ ուղիով, տնտեսութիւնը կը զարգանայ, ինչ որ ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակը կը բարձրացնէ: «Ցաւօք, ունինք մեծ տարողութեան հասնող արտագաղթ, թոյլ ու հիւանդ տնտեսութիւն, աղքատութեան անընդհատ աճ, բարձր չափերու հասնող գործազրկութիւն եւ ապագայի նկատմամբ անվստահութիւն», դիտել տուած է ան:

Նշելով, որ չի կրնար անտարբեր ըլլալ ժողովուրդի ճակատագիրին նկատմամբ` Ծառուկեան յայտարարած է, որ ամէն օր իրեն կը դիմեն հազարաւոր քաղաքացիներ, Բարգաւաճ Հայաստանի կուսակից ընկերներ, կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, «որոնք համոզուած են, որ իմ վերադարձս պիտի օգնէ ուղղելու այս ծանր իրավիճակը»: Ան աւելցուցած է, որ վերջին ամիսներուն բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ սփիւռքի հասարակական-քաղաքական, գործարար շրջանակներու եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ, «որոնք եւս ինծի յորդորեցին վերադառնալ քաղաքականութիւն»:

«Աշխուժ քաղաքականութեամբ չզբաղելու պարագային նոյնիսկ ես չդադրեցայ բարեսիրութիւն կատարելէ` ցոյց տալով, որ ասոր տակ երբեք քաղաքական նպատակ եւ ենթահող չէ եղած, ինչպէս ոմանք կը փորձեն ներկայացնել: Բայց, որքան ալ ծանրակշիռ ըլլայ իմ կողմէս կատարուող բարեսիրութեան ծաւալը, անիկա չի կրնար լուծել մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները: Մենք պէտք է ձեւաւորենք ոչ թէ բարեգործութեան սպասող հասարակութիւն, այլ ձեւաւորենք անհրաժեշտ պայմաններ` տնտեսութեան զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման համար», շարունակած է Ծառուկեան` հաստատելով, որ 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները ճակատագրական պիտի ըլլան Հայաստանի ապագային համար:

«Նկատի ունենալով մեր երկրին առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ իմ` քաղաքականութիւն վերադառնալու հանրային պահանջը, ես կը յայտարարեմ, որ կը բանամ  քաղաքական գործունէութեան փակուած էջը եւ պիտի մասնակցիմ 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ձեւաւորելով լայն դաշինք: Մեր դռները բաց են բոլոր այն քաղաքական ուժերուն եւ գործիչներուն դիմաց, որոնք մտահոգ են մեր երկրի ապագայով:

«Մենք կրնանք, մենք ունինք այդ ներքին մեծ ներուժը` մեր երկրի զարգացման եւ հզօրացման համար:

«Ես իմ ժողովուրդիս առջեւ պարտք ունիմ կատարելիք:

«Կեանքիս այս կարեւոր որոշումը իմ խաչս է, զոր պիտի կրեմ մինչեւ վերջ` յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին», եզրափակած է Ծառուկեան:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն» Հիմնարկը Թրամփէն Կը Խնդրէ Երաշխաւորել, Որ Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Ռուսիան Որոշիչ Դեր Ունեցաւ Ապրիլեան Դէպքերու Դադրեցման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.