Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով, 24 յունուարին Մոսկուա պիտի այցելէ:
Հանդիպման օրակարգին վրայ են առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, մարդասիրական մարզերու, ինչպէս նաեւ` ներդրումային միացեալ ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Ռուսիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան:
Բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կը նախատեսուի շարք մը միջպետական եւ միջկառավարական փաստաթուղթերու ստորագրութիւն: