Քաղաքական վերլուծաբան Ատել Մալեք երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան եւ շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն:
Ատել Մալեք յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ի յայտ եկած համայնքային եւ յարանուանական կարգախօսները վտանգաւոր կը դարձնեն կացութիւնը: Ան հարց տուաւ նաեւ, որ արդեօք որո՞նք են Սուրիոյ մէջ սպանութիւնները կազմակերպող կողմերը:
Մալեք նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը չափազանց վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ շրջանը կը գտնուի նոր «Սայքս-Փիքօ»ի համաձայնագիրի մը դիմաց:


