Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան նախագահեց կուսակցութեան անդամ նորագիրներուն երդման արարողութեան, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամակցութիւնը գաղափարի եւ աւանդութեան հաւատք է` ընդգծելով, որ սխալ է ղեկավարի մը կամ անձնաւորութեան մը երկրպագուն ըլլալ:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը այս ամսուան աւարտին պիտի գումարէ իր ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քաղաքական լուրջ քննարկում պիտի կատարուի անցեալի, ներկայի եւ ապագայ հանգրուաններուն վերաբերեալ:
Ան շեշտեց, որ կուսակցութիւնը պիտի որդեգրէ կազմակերպական նոր ուղեգիծ մը` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամակցողը պէտք է երկխօսութիւն կատարել գիտնայ եւ բաց ըլլայ քաղաքական այլ ուժերու ու հոսանքներու հետ երկխօսութիւն եւ խորհրդակցութիւն կատարելու: «Այն պահուն, երբ ծայրայեղ կը դառնաք, ապա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամ չէք դառնար», ըսաւ ան:


