Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 10, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի թիւ 1757 բանաձեւին ներքեւ ստիպուած է ֆինանսաւորել ատեանը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան զգուշացումները տեղեկատուական են եւ Լիբանանի թէ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմ մը սանձազերծելու պաշտօնական տեղեկութիւններ չկան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը պիտի չվարանի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն հրաժարելէ, եթէ գտնէ նոր դաշնակից մը, որ կը պահպանէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը վարչապետ Նեժիպ Միքաթին տեղեակ պահած են, թէ իրենք պիտի մերժեն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ Մեծն Պէյրութի մէջ համացանցի արագ դրութիւնը արդէն իսկ սկսած է գործել` աւելցնելով, որ այդ դրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ դէպի այլ շրջաններ փոխադրել յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կառավարութեան ճակատագիրը ուղղակիօրէն առնչուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուները «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի բարելաւում:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Քաթարի իշխան Համատ պըն Ժասեմ Փարիզի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Միջազգային դատական ատեանը կարմիր գիծ մըն է, զոր պէտք չէ շրջանցել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը միջոց մըն է` հարուածելու Հըզպալլան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ բնականաբար իրենք դէմ պիտի ըլլան Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարումը աննախատեսելի է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Աքքարի, Նապաթիէի, Ժեզզինի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց` խախտելով լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Հըզպալլա երբեք պատրաստ չէ սակարկելու Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման գծով իր ժխտական կեցուածքը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ շեշտեց այս հանգրուանին Լեռնալիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր համայնքի կողմէ իր երեսփոխանները ընտրելու որոշումը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ այդ որոշումին հետեւանքներէն մէկը կրնայ ըլլալ երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն արտայայտած կեցուածքները կը համընկնին Սուրիոյ քանդիչ ուժերուն տեսակէտներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ երկխօսութեան ընտրանքը պէտք է առաջնահերթ ըլլայ` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ կարելի չէ յաղթել, բացի` Դիմադրութեամբ:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան նշեց, որ Ամալ շարժումը կը զօրակցի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ ամբողջութեամբ կ՛որդեգրէ անոր ներկայացուցած պահանջները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մտավախութիւնները անտեղի եւ անհեթեթ չեն, այլ` ճշմարտութեան վրայ հիմնուած մտահոգութիւններ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան` Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումն ու միջազգային հանրութիւնը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը չէ մերժած աշխատավարձի յաւելումներու սկզբունքը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը որոշած է շարունակել քննարկումները` ճշդելու համար յաւելումին գումարը:

 

Նախորդը

ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ՂՊՏԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է» ՇԵՇՏԵՑ ԱՏԵԼ ՄԱԼԵՔ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.