Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Ծնունդի տօնը կը նշէ յունուար 6-ին: Տօնին նախորդող մէկ շաբաթը պահքի շրջան է: Դեկտեմբեր 29-ի երեկոյէն մինչեւ յունուար 5-ի երեկոն մարդիկ պահք կը պահեն եւ կ՛օգտագործեն բուսական ուտելիքներ:
Պահեցողները պահքէն դուրս կու գան յունուար 5-ի երեկոյեան, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցի պատարագը եւ կը տրուի Ս. Ծնունդի աւետիսը: Մարդիկ զիրար կ՛ողջունեն «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսով եւ որպէս պատասխան կը ստանան` «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս» խօսքը:
Գլխաւոր տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ յունուար 6-ին` Ս. պատարագի հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ ջրօրհնէքի մենաշուք հանդէսով:
Յունուար 7-ը, ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդող օրերը, Մեռելոց յիշատակութեան օրն է, երբ հոգեհանգիստի Սուրբ պատարագէն ետք հաւատացեալները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ս. Ծնունդի աւանդական ուտելիքները
Հայաստանի շատ մը գաւառներուն մէջ պարտադիր էր, որ ընտանիքը Ս. Ծնունդի սեղանին շուրջ բոլորուէր` լուացուած եւ նոր հագուստներ հագած:
Այդ երեկոյ սեղանին վրայ պարտադիր ձուկ պէտք է ըլլար` խաշած, տապկուած կամ խմորի մէջ փաթթուած ու եփած:
Ս. Ծնունդի կերակուրներուն մէջ մեծ կարեւորութիւն ունէին նաեւ չոր միրգերով եւ ընկուզեղէնով պատրաստուած կերակուրները, բրինձով եւ չամիչով եղինձը: Բրինձը կը խորհրդանշէր մարդկութիւնը, իսկ չամիչները` ընտրեալները` անոնք, զորս Աստուած ընտրեց իր գործը շարունակելու համար:
Հայկական Ծնունդի սեղանը կը ճոխանար նաեւ կաղամբով պատրաստուած տոլմայով, չոր բանջարեղէններով պատրաստուած ապուրով, որ «մայրամաճաշ» կը կոչուէր, ինչպէս նաեւ այդ օրուան համար խնամուած եւ տօնին նախօրեակին մորթուած խոյի, ոչխարի կամ հորթի միսով:
Ծնունդի ուտելիքներէն ամէնէն տարածուածը «տարի» կոչուած քաղցր գաթան էր, որ կը բաժնուէր 12 մասերու` ըստ տարուան 12 ամիսներուն:
Թէեւ Ս. Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն կարմիր գինին արտօնուած էր, քանի որ անիկա Քրիստոսի արիւնը կը խորհրդանշէր:
Ս. Ծնունդի երգեր
Ս. Ծնունդի տօնակատարութեան կարեւոր մասը կը կազմէին Աւետիսները: Բացի եկեղեցւոյ ծիսական Աւետիսներէն, ժողովուրդին մէջ տարածուած էին ժողովրդական աւետիսները`
Ձեր հեռաւորք գային շուտով, աւետիս,
Եւ ձեր ոչխարն` հոտերով, աւետիս,
Կարսան ձեր լցուի գինով, աւետիս,
Եւ տունը ձեր` շէն բարիքով, Աւետիս…
Ջաւախքի մէջ սովորութիւն դարձած էր եկեղեցւոյ բակը մեծ խարոյկ վառել, շուրջը նստիլ եւ տարեցներուն պատմութիւնները լսել: Իսկ երիտասարդները` շուրջպար բռնելով Աւետիսներ երգել:
Ձեռային Աշխատանք
Տօնական Սեղանի
Յարդարանք
Պնակի Յարդարանք
Ահաւասիկ շատ դիւրին եւ արագ պատրաստուող ձեռային աշխատանք մը` Ս. Ծնունդի սեղանը յարդարելու համար:
Ընտրեցէք կարմիր, կանաչ կամ ոսկեգոյն թաղիք կտոր, թուղթէ թաշկինակ կամ նուէր ծրարելու թուղթ, անոր վրայ գծեցէք տօնածառի կամ աստղի նկար մը, ապա մկրատով ձեւաւորեցէք: «Քաթըր»-ի օգնութեամբ կեդրոնը 2 զուգահեռ ճեղք բացէք, որպէսզի դգալն ու պատառաքաղը կամ դանակը կարենաք մէջը տեղաւորել:
Անկասկած, որ ձեր սեղանակիցները պիտի գնահատեն ձեր աշխատանքը:
Սեղանին Կեդրոնը Զետեղուող Յարդարանքներ
Քանի մը դալար ճիւղ, քանի մը կիտրոն եւ նարինջ եւ ափ մը մեխակի գամեր բաւարար են զարդարելու ձեր Ծնունդի սեղանը: Այս յարդարանքը ո՛չ միայն պարզ ու գեղեցիկ է, այլ նաեւ անուշ կը բուրէ…
Եթէ կ՛աճապարէք եւ ժամանակ չունիք յարդարանքի մասին մտածելու, ընտրեցէք ա՛յս տարբերակը: Ափսէի մը մէջ շրջեցէք գինիի բաժակներ, իւրաքանչիւրին վրայ զետեղեցէք Կաղանդի «պուլ» մը եւ ափսէին չորս կողմը զարդարեցէք դալար ճիւղերով:
Ուտելիքներ, Որոնք
Սառնարանէն Չեն Ախորժիր
Շատեր ունին այն սխալ համոզումը, որ ուտելիքներուն կեանքը առաւելագոյն չափով երկարելու համար զանոնք անխուսափելիօրէն սառնարանը պէտք է պահել: Այս համոզումը անշուշտ սխալ է. կարգ մը ուտելիքներ չեն ախորժիր պաղէն եւ կը նախընտրեն սենեակի ջերմութիւնը, մանաւանդ որ սառնարանէն դուրս անոնք աւելի լաւ կը պահեն իրենց համն ու բոյրը:
Ահաւասիկ 10 ուտելիք, որոնք սառնարանէն չեն ախորժիր:
1.- Լոլիկը
2.- Գետնախնձորը
3.- Սեխը
4.- Թարմ ռեհանը
5.- Սոխը
6.- Սխտորը
7.- Մեղրը
8.- Կծու թացանները
9.- Տուրմը
10.- Հացը
10 Տեղեկութիւն, Զորս Թելադրելի Է
Ջնջել Ընկերային Ցանցերէն
Ընկերային ցանցերը մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Անոնք կ՛օգնեն փնտռելու, գտնելու եւ կապ հաստատելու տարբեր մարդոց հետ` աշխարհի չորս ծագերուն: Եւ հակառակ անոր շատ մը ընկերային ցանցեր կը փորձեն պաշտպանել իրենց օգտատէրերուն անձնական տուեալները, չարագործ եւ խարդախ մարդիկ աւելի խելացի եւ հնարամիտ դառնալով կը փորձեն վերծանել որոշ տեղեկութիւններ եւ հասնիլ իրենց նպատակին:
Այս իսկ պատճառով պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերենք` նման անձերէ պաշտպանուելու համար:
Ահաւասիկ 10 տեղեկութիւն, որ շատ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ջնջենք մեր ընկերային ցանցերէն:
1.- Մեր ծննդեան թուականը, անունը, հեռախօսին թիւը եւ հասցէն մասամբ կ՛ամբողջացնեն «փազըլ»-ը, որուն օգնութեամբ կը դիւրանայ հասնիլ մեր դրամատնային հաշիւին կամ անձնական տուեալներուն:
2.- Մեր երեխաներուն լուսանկարները, անոնց յաճախած դպրոցին անունը, նախասիրութիւնները… «փետոֆիլ»-ներն ու անհաւասարակշռուած մարդիկ առանց մեծ ճիգի դիւրաւ կրնան հասնիլ անոնց:
3.- Մեր արձակուրդի ծրագիրներն ու անոնց թուականները: Արձակուրդի ծրագիրներու մասին պատմելով, մենք բոլորին կը տեղեկացնենք, որ տունէն պիտի բացակայինք… լաւ թիրախ մը` գողերուն համար:
4.- Մեր տան նկարներն ու յատակագիծը: Ոգեշնչուած վերանորոգումով կամ տան կահոյքի փոփոխութեամբ, շատերս կը հրապարակենք մեր տան լուսանկարները, ուր ակնյայտ կ՛երեւի տան նախագիծը: Այդպէս գողին աւելի դիւրին կ՛ըլլայ կողմնորոշուիլ, երբ ան արդէն պատկերացում ունի, թէ ինչպիսի տեսք ունի բնակարանը: Բացի ասկէ, լուսանկարներով ան կրնայ ուսումնասիրել, թէ ինչ թանկարժէք իրեր ունինք տան մէջ…
5.- Օդանաւային տոմսերու լուսանկարները:
6.- Մտերիմ լուսանկարները:
7.- Քրետիդ քարտերու լուսանկարները:
8.- Մեր գործին հետ կապուած տեղեկութիւններ եւ դժգոհութիւններ:
9.- Քաղաքական ծայրայեղ կեցուածքները:
10.- Կրօնական ծայրայեղ վերլուծումներ:
Ազգային Խոհանոց
Սերկեւիլով Աղանդեր
Լեցուած սերկեւիլը անցեալին անպակաս կ՛ըլլար Ս. Ծնունդի սեղանէն` որպէս համեղ եւ օգտակար աղանդեր:
Բաղադրութիւն (նայած անձերու թիւին)
– Սերկեւիլ
– Մանրուած ընկոյզ
– Չամիչ
– Ծիրան (մանր կտրտուած)
– Սալոր (մանր կտրտուած)
– Մեղր
– Փաշի կասիա (ըստ ճաշակի)
Պատրաստութիւն
Սերկեւիլները լուալ եւ առանց կեղուելու երկայնքին կիսել: Յատուկ դգալով մաքրել կուտերը եւ իւրաքանչիւրին կեդրոնը փոսիկ մը բանալ:
Կիսուած սերկեւիլները շարել փուռի ափսէին վրայ, երեսը առատ մեղրով ծեփել, ծակծկել եւ 10 վայրկեան միջակ ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել:
Ամանի մը մէջ խառնել մանրուած ընկոյզն ու չոր միրգերը, աւելցնել կասիան:
Փուռէն հանուած սերկեւիլներուն կեդրոնը լեցնել այս միջուկով, երեսը կրկին մեղր աւելցնել եւ կրկին փուռին մէջ եփել 5 – 7 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տաղ Ծննդեան
Այսօր տօն է սուրբ ծնընդեան, աւետիս.
Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս:
Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս.
Երեւցաւ` ի մէջ մարդկան, աւետիս:
Այսօր սուրբ կոյսն անապական, աւետիս.
Ծնաւ եբեր զանմահ արքայն, աւետիս:
Այսօր հրեշտակք յերկնից իջան, աւետիս.
Ընդ մեզ օրհնեն զանմահ արքայն, աւետիս:
Այսօր դժոխքըն սարսեցան- աւետիս:
Գունդք դիւաց յոյժ տրտմեցան, աւետիս:
Այսօր չարքն կարկեցան, աւետիս.
Եւ ադամեանքն ուրախացան, աւետիս:
Զաստղն տեսին եւ զարմացան, աւետիս.
Աստղ մի պայծառ եւ պատուական, աւետիս.
Ապա սիրով արձակեցան, աւետիս.
Ի Բեթղեհէմ ելեալ գնացին, աւետիս:
Մեծ թագաւորք ժողովեցան, աւետիս.
Յոյլով դպիրք եւ շատ իշխանք, աւետիս:
Ահա՛ երեք արքայ եկին, աւետիս.
Որ երեքեանըս անուանին՛ աւետիս:
Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, աւետիս.
Որք ի Սաբայ եւ յԱրաբայ, աւետիս:
Ոսկի` կնդրուկ զըմուռս նմա, աւետիս.
Ունին երեք ազնիւ ընծայ, աւետիս:
Սուրբ Ծննդեան այս գեղեցիկ տաղը յօրինուած է 18-րդ դարուն: Բազմաձայն մշակումը կատարած է Կոմիտաս վարդապետը եւ կ՛երգուի Ս. Ծնունդի տօնին: