ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանեկան գործերով պիտի զբաղիք, աշխատանքի վերաբերեալ հաշուեկշիռ պիտի ունենաք, որպէսզի ճշդէք գործը շարունակե՞լ կամ ձգել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պէտք է շարժիք այնպիսի ձեւով, որ ձեր աշխատանքը ընթանայ բնական կերպով: Օրուան մտածումը պիտի յատկացնէք ձեր գործին վերաբերեալ հարցերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր դրամատնային հաշիւները ճշդեցէք, նուէրներ գնելէ առաջ քննեցէք ձեր ունեցած գումարը եւ ըստ այնմ ծախսեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ունենաք ընտանեկան կամ տնային հարցեր: Հեռու մնացէք ընտանեկան պառակտիչ խնդիրներէ, միշտ մնացէք դրական տրամադրութեամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լուսնի ազդեցութեամբ պիտի կարենաք որոշ գործեր կատարել` միշտ մտածելով արդիւնքին մասին: Օրուան մտածումները պիտի ազդեն ձեր գործին վրայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հանդիպում մը, հեռաձայնային կապ մը, ամուսնութեան առաջարկ մը կրնան օրուան հարցերը ըլլալ: Լրջութեամբ հետեւեցէք իւրաքանչիւրին եւ մտածեցէք համապատասխան հակազդեցութեան մասին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքի կամ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ բախումներ հաւանական են: Լաւ մտածեցէք ձեր վերաբերումին մասին, արագ որոշում մի տաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը զգաք, թէ ձեզի մօտիկ անձերը ձեզ կը սիրեն: Տարին դիմաւորելու գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է այս: Հետեւեցէք այս նորութեան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամական բոլոր հարցերը լուծելու համար որոշումներ պիտի տաք: Օրինակի համար, հաշիւ, պարտք, պիւտճէի եւ նուէրի հարցերը: Այս բոլորը նկատի առէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անուղղակիօրէն կարծր կեցուածք մը պիտի ունենաք ձեր խօսակիցներուն հետ, որոնք նման վերաբերում չէին ակնկալեր ձեզմէ: Ձեր խօսքերով ոչ ոքի վիրաւորեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ոչինչ ունիք վախնալիք: Միայն թէ յոգնած էք շատ աշխատելէ, ուրեմն ձեզի կը մնայ մտածել հանգստանալու մասին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Միջոցներ պիտի ստեղծէք ձեր գործերը յառաջ մղելու համար. պիտի կարենաք յաջողիլ ամէն պարագայի: