Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուշադի՛ր դիտեցէք ստորեւ տրուած 8 տարբեր ոճի տօնածառերը, որոնք չափի, ձեւի եւ յարդարանքի իմաստով կը տարբերին իրարմէ, ապա ընտրեցէ՛ք ձեր սրտին խօսողը եւ կարդացէ՛ք համապատասխան բացատրութիւնը:
Նշենք, որ առաջինը «մինիմալիսթ» ոճ ունի:
Երկրորդը` իր գոյնով (ճերմակ, արծաթագոյն…) կը զանազանուի:
Երրորդը` աւանդական է:
Չորրորդը` փոքրիկ լուսանկարներով յարդարուած է:
Հինգերորդը` հնաոճ է:
Վեցերորդը համեմատաբար խեղճուկ է:
Եօթներորդը քիչ մը խճողուած է:
Ութերորդը շատ փոքր է:
Ահա, թէ ի՛նչ կը պատմէ ձեր ընտրած ծառը` ձեր բնաւորութեան մասին:
– Թիւ 1 ծառը քիչ եւ միատեսակ խաղալիքներով զարդարուած է. եթէ դուք այս մէկը ընտրեցիք, ակնյայտ է, որ «մինիմալիզմ»-ի կողմնակից էք: Ձեր տան կահոյքը քիչ է եւ պարզ: Բարեկամներու հետ ձեր յարաբերութիւններուն մէջ նախապատուութիւնը կու տաք պարզութեան: Չէք սիրեր ձեւակերպութիւնները, աւելորդաբանութիւնները, համբուրելու եւ գիրկընդխառնուելու սովորութիւնները: Կը սիրէք ամէն ինչ իր չափին մէջ եւ տեղին ըլլայ:
– Թիւ 2 ծառը արդէն կանաչ չէ, անիկա կրնայ ըլլալ արծաթագոյն, ճերմակ, ոսկեգոյն… եթէ դուք այս ծառը ընտրեցիք, կը նշանակէ, որ փորձարկումներու սիրահար էք: Ոճային անձ էք, կը սիրէք նոր լուծումներ գտնել եւ ամէն ինչ ընել այնպէս, ինչպէս ոչ ոք ըրած է ձեզմէ առաջ:
– Թիւ 3 ծառը աւանդական է. եթէ դուք այս մէկը ընտրեցիք, կը նշանակէ, որ կը սիրէք սովորութիւնները եւ անոնց կառչած կը մնաք: Կը հաւատաք աւանդական արժէքներուն եւ ձեր կեանքը կը համեմէք անոնցմով:
– Թիւ 4 ծառը կը կրէ սիրելիներու լուսանկարներ, եթէ դուք այս մէկը ընտրեցիք կը նշանակէ, որ ընտանիքը ձեզի համար առաջնահերթ է: Նոյնիսկ, եթէ ընտանիքին տարեցը չէք, այսուհանդերձ դուք ձեզ պատասխանատու կը զգաք միւսներուն հանդէպ:
– Թիւ 5 ծառը քիչ մը հնաոճ է. եթէ դուք այս տօնածառը ընտրեցիք, կը նշանակէ, որ դուք համոզուած էք, որ նախապէս ամէն ինչ աւելի հետաքրքրական էր, իմաստալից եւ հոգին հարստացնող:
– Թիւ 6 ծառը ծուռ եւ խեղճուկ է. եթէ դուք այս մէկը ընտրեցիք, կը նշանակէ, որ խղճացեր էք անոր… Դուք երբեք առանձին չէք ձգեր մարդոց, որոնք վատ, դժուար կացութեան մէջ են: Ձեր շուրջ շատ են մարդիկ, անասուններ, իրեր, որոնց արժէքին եւ կարողութիւններուն բացի ձեզմէ, ոեւէ մէկը չէ հաւատացած: Բայց դուք կը հաւատաք, որ օգնութիւնը հրաշքներ կրնայ գործել:
– Թիւ 7 ծառը թէեւ խճողուած, բայց որոշ ճաշակով եւ համբերութեամբ յարդարուած է, եթէ դուք այս մէկը ընտրեցիք, կը նշանակէ, որ ձեր սրտին խօսող գործերուն համար ճիգ եւ ժամանակ չէք խնայեր: Պատրաստ էք գիշերները լուսցնել եւ ձեր սիրած գործը գլուխ հանել` առանց տրտնջալու:
– Թիւ 8 ծառը սեղանի վրայ տեղադրուող փոքրիկ ծառ մըն է: Եթէ այս մէկը ընտրեցիք կա՛մ այն է, որ ձեր բնակարանը շատ փոքր է, եւ մեծ ծառ յարդարելու հնարաւորութիւն չունիք, կամ ալ կաղանդի աւանդութիւնները մեծ բան չեն ըսեր ձեզի, բայց եւ այնպէս կ՛ուզէք երեւոյթները պահել:
Տօնածառի Աւանդութիւնը
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը, որ երկա՜ր ճամբայ կտրած է մինչեւ մեզի հասնիլը:
Գերմանիոյ կը վերագրուի տօնածառի զարդարման աւանդութեան սկիզբը (16-րդ դար), երբ հաւատաւոր քրիստոնեաներ զարդարուած ծառեր կը բերեն իրենց տուները: Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով, նաեւ` մոմերով: Աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը տարածուեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:
Քիչ-քիչ տօնածառի գաղափարը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն, բացի տուներէն, տօնածառեր զետեղուեցան հրապարակներու, եկեղեցիներու բակերու, պարտէզներու, պետական շէնքերու մուտքերուն մէջ եւ այլն…
Եղեւին Զարդարելու Սովորութիւնը
Անցեալին մարդիկ ծառերը կը զարդարէին` հաւատալով, որ անոնք օժտուած են բարի ուժերով, եւ անոնց մէջ կ՛ապրին բարի ոգիներ:
Եղեւին զարդարելու սովորութիւնը յառաջացած է աւելի քան 2000 տարի առաջ: Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերուն մէջ: Անիկա խորհրդանշան է կեանքը եւ կեանքի վերածնունդը` մութէն ու խաւարէն:
Շատերու կարծիքով, եղեւինը դրախտին մէջ աճող անմահութեան ծառն է, վառող լոյսերն ու մոմերը` մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները խորհրդանշական նուիրատուութիւնները:
Անցեալին տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ձեւերով կը զարդարէին տօնածառը:
– Ուքրանիոյ մէջ տօնածառերը կը զարդարէին սարդով եւ սարդոստայնով` որպէս յաջողութեան խորհրդանիշ:
– Չեխիոյ մէջ տօնածառը կը զարդարէին հաւկիթի ներկուած կեղեւէն պատրաստուած զարդերով:
– Ճափոնի մէջ քրիստոնեաները փոքրիկ հովահարներ եւ թուղթէ լապտերներ կը կախէին իրենց տօնածառերէն:
– Լիթուանիոյ մէջ ծառերէն կը կախէին ծղօտէ թռչնավանդակներ, աստղեր եւ այլն…
– Շուէտի մէջ տօնածառերը կը զարդարէին վառ գոյներով ներկուած փայտեայ խաղալիքներով:
– Լեհաստանի մէջ տօնածառերը կը զարդարէին հրեշտակներով, սիրամարգերով եւ այլ թռչուններով:
– Հայաստանի մէջ եղեւինի փոխարէն ձիթենիի ծառ կը զարդարէին: Տօնածառի զարդարանքները հասկերէ եւ ընկոյզներէ (թիւով 7) պատրաստուած կ՛ըլլային: Նոր տարուան ծառը կը զարդարէին նաեւ խնձորով, որ պտղաբերութեան խորհրդանիշ էր:
Մեր օրերուն ծառ յարդարելու սովորութիւնը պահպանուած է թէեւ, սակայն, կարծէք չափանիշներն ալ բոլորովին փոխուած են: Թէեւ շատ են աւանդական յարդարանքին հաւատացողները, բայց կան հնարամիտներ, որոնք քիչով ընէք ծառ չեն յարդարեր: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ:
Խոհագիր
Տօնածառի Տեսքով
Ներկայացուած Ուտելիքներ
Ա.- Վարունգով պատրաստուած այս գեղեցիկ տօնածառին պատրաստութեան համար պէտք ունիք խորովածի փայտեայ շամփուրի, 2-3 վարունգի եւ գունաւոր (կարմիր, դեղին, կանաչ) «թոմաթ սըրիզ»-ի:
Այս յարդարանքը շատ կը յարմարի պանիրի ափսէին կողքին:
Բ.- Տօնական սեղանի զարդն է նաեւ պանիրի ափսէն: Բայց եկէք կոտրենք կարծրատիպերը եւ պանիրը ներկայացնենք տօնածառի տեսքով:
Այս գեղեցիկ յարդարանքին համար անհրաժեշտ են` քանի մը տեսակի խորանարդաձեւ կտրտուած պանիրի, նախընտրաբար ոչ փշրուող, այլ` կարծր, «թոմաթ սըրիզ»-ի եւ թարմ խնկունիի ցօղուններու:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կաղանդի Ծառ Մը
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը – յետոյ զարդեր ծառին վրայԿաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
– Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերուԿաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ – ոչ ծառ ոչ ալ զարդ –
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն էԿաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէԲարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք:
ԶԱՀՐԱՏ
***
Դո՛ւք Էք Մեր Նոր Տարին
Իմ շատ սիրելի երիտասարդներ Նոր տարուայ առթիւ սովորաբար հին խօսքեր են ասում` յաջողութիւն, առողջութիւն, երկար կեանք… Բայց դրանք ինչքան հին, այնքան էլ նոր են, որովհետեւ ազնիւ ու բարի ցանկութիւնները երբեք չեն հնանում, ինչպէս աշխարհի ամէն ազնիւ ու բարի բան: Նոր տարի ասելով, ամէնից առաջ ես ձե՛զ եմ տեսնում, իմ շատ սիրելի երիտասարդներ, որովհետեւ նրա պէս դո՛ւք էլ էք նոր, դո՛ւք էլ էք մեզ համար նոր տարի, եւ ձեզնի՛ց էք, ինչպէս ամէն մի նոր տարուց, բոլորս ալ լաւ, թարմ ու նոր գործեր ենք սպասում… Ամէնից առաջ ես սրտանց կ՛ուզէի, որ է՛լ աւելի շատ սիրէք աշխատանքն ու արուեստը, որովհետեւ դրանք իրարից անբաժան են, լրացնում եւ օգնում են իրար, որովհետեւ առանց աշխատանքի չկայ արուեստ եւ առանց արուեստի չկայ աշխատանք: Սիրեցէք հայրենին եւ մայրենին: Է՛լ աւելի շատ սիրեցէք գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը, նկարչութիւնն ու կինոն: Եւ ոչ միայն սիրեցէք, այլեւ աշխատեցէք խորապէս զգալ եւ հասկանալ, ապրել նրանցով, դարձնել ձեր առօրեայի անբաժանելի մասը: Ես գիտեմ երիտասարդների, որոնք առօրեայ որոշ պրոզայիք մանրուքներում թաղուելով, չեն կարողանում տեսնել կապո՜յտ երկինքը, պայծա՜ռ արեւը, մի խօսքով` մեծ գեղեցկութիւնը: Իսկ դա տեսնելու համար պէտք է նախ եւ առաջ երեւոյթներին նայել գեղեցի՛կ հոգով, երեխայի եւ իմաստունի աչքերով, ամէնուր եւ ամէն ինչի մէջ մի լաւ բան գտնելու ակնկալութեամբ: Երիտասարդները միշտ էլ համարձակ են: Ես կ՛ուզէի ամէն ինչ անէք այնպէս, որ ձեր արած գործը շատ մօտ լինի ժողովրդի սրտին, նրան է՛լ աւելի վեր տանի եւ բիւրեղացնի…
Այդ բարի ցանկութեամբ էլ` ձե՛ր կենացը լինի, սիրելի երիտասարդներ` մեր կեանքի նոր տարիներ…
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ