Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Կ՛ապրի Կաղանդ Պապան

Դեկտեմբեր 24, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

gaghant-ba-1_122416

Ճիշդ ո՞ւր կ՛ապրի Կաղանդ պապան: Հիւսիսային բեւե՞ռ, Լոփոնի՞… Այս լուրջ հարցը տակաւին շատ բուռն վիճաբանութիւններ կը յառաջացնէ: Վստահաբար մենք այս հարցումին պատասխանը պիտի չստանանք: Սակայն վերջերս թերթի մը խմբագիրները մտածած են այս հարցին մասին եւ փորձած են երեւակայել, թէ ի՞նչ կրնայ արժել Կաղանդ Պապային տունը:

 

gaghant-ba-4_122416

Այս տունը պիտի ներկայացուէր իբրեւ «խաղալիքներու սիրողականներու դրախտը»: Հիւսիսային բեւեռի կեդրոնը զետեղուած այս 230 քառակուսի մեթր մեծութեամբ շինութիւնը եւ զայն շրջապատող տասը հեկտար հողը պիտի արժէր 656957 տոլար:

gaghant-ba-3_122416

Հակառակ իր սղութեան եւ ոեւէ շուկայի հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու գտնուելուն, Կաղանդ Պապային տունը շատ գեղեցիկ է: Ըստ աւանդութեան, ան շինուած է 1822-ին, օժտուած է երեք սենեակներով եւ երկու բաղնիքներով, որոնք նորոգուած են 2013-ին: Սենեակները կը նային լերան (որ այս պարագային սառակոյտ մըն է…): Կան նաեւ հիւրասենեակ մը, խոհանոց եւ ճաշասենեակ: Գետէն անդին, անտառներուն մէջ շինուած է թզուկներուն խաղալիքի աշխատանոցը, ուր Կաղանդ պապային 50 օգնականները ունին իրենց կեդրոնները: Անշուշտ կայ նաեւ մեծ կառատուն մը կաղանդ պապային սահնակին համար, եւ ախոռ` եղջերուներուն համար:

gaghant-ba-doun-2_122416

Ամբողջ տունը զարդարուած է կարմիր եւ կանաչ գոյներով:

Նոյնիսկ բաղնիքին մէջի լոգանքի վարագոյրները տօնական պատկերներով զարդարուած են:

Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ Կաղանդը անցընել նման տան մը մէջ…

 

Գիտէի՞ր, Թէ

Կաղանդի
Սովորութիւններէն

gaghanti-sovorutioun-1_122416

Կաղանդի պսակը: Կաղանդի զարդարանքներուն մաս կը կազմէ կլորակ պսակը, զոր մենք կը կախենք մեր դռներուն կամ պատուհաններուն վրայ: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս սովորութիւնը եկած է Աւստրիայէն, Գերմանիայէն եւ սկանտինաւեան կարգ մը երկիրներէ: Ան ծնած է շուրջ 16-րդ դարուն: Կարգ մը երկիրներու մէջ ան կը կախուի դրան վրայ` իբրեւ բարի գալուստի նշան. իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ կը զետեղուի սեղանին վրայ եւ անոր մէջ հաստատուած չորս մոմերը պարբերաբար կը վառին ծնունդը նախորդող չորս շաբաթներուն ընթացքին: Անոր ճիւղերուն կանաչ գոյնը կը խորհրդանշէ կեանքը: Անոր կլոր ձեւը կը յիշեցնէ արեւը: Այս գեղեցիկ խորհրդանիշները կ՛արտայայտեն ջերմութիւն, լոյս եւ վերածնունդ:

– Անգլիական քրաքըրները

gaghanti-sovorutioun-2_122416

Կաղանդի այս սովորութիւնը եկած է Անգլիայէն, ըստ աւանդութեան, վաճառական մը չէր կրնար ծախել Ֆրանսայէն բերած իր կաղանդի պզտիկ նուէրները: Հետեւաբար ան կը մտածէ զանոնք պզտիկ թղթէ պահարաններու մէջ դնել, անոնց վրայ աւելցնելով պզտիկ հանելուկ մը եւ պայթուցիկ մը, որ կը պայթէր երբ ծրարին երկու կողմէն կը քաշուէր:

– Կաղանդի նուէրները: Անշուշտ, կաղանդին փոխանակուած նուէրները մեզի կը յիշեցնեն երեք մոգերուն Յիսուս մանուկին բերած նուէրները: Սակայն գիտէ՞իր, թէ հին ժամանակներուն ալ հռոմէացիները Նոր Տարուան առիթով նուէրներ կը փոխանակէին իրարու` իբրեւ առողջութեան եւ բարգաւաճումի մաղթանք: Միջին դարերուն մարդիկ կը հետաքրքրուին պզտիկներով, որ քաղցրեղէններ կը ստանան իբրեւ նուէր: 19-րդ դարուն է, որ հարցը վերջապէս «կը լրջանայ», երբ Կաղանդ պապան կը յայտնուի ծխնելոյզին մէջէն եւ Կաղանդի ծառին տակ կը շարուին նուէրները:

 

Նոր Սովորութիւն Մը…

Կաղանդի սովորութիւնները շատ են եւ տեսակաւոր: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ, երկիր ունի իրեն յատուկ սովորութիւններն ու պատմութիւնները: Սակայն ասիկա չ՛արգիլեր, որ մենք ստեղծենք մեր անձնական սովորութիւնները, մեր ընտանիքին անձնական պատմութիւնները:

nor-sovorutioun_122416

Պատրաստէ անօթ մը, զոր պիտի լեցնես այս տօնական շրջանին հազուագիւտ վայրկեաններու յիշատակներով` ներկայացումի մը տոմսակը, նկար մը, շատ համով տուրմի մը թուղթը…

Կաղանդէն ետք, անօթը գոցէ եւ վրան տարին արձանագրէ: Եկող Կաղանդի գիշերը կրնաք բանալ անօթը եւ վերյիշել այդ գեղեցիկ վայրկեանները:

 

Մօտաւորապէս 3 Թոն Կշռող
Կաղանդի Կարկանդակ Մը

gargantag_122416

Գերմանիոյ Տրէզտ քաղաքի Սթրիզըլմարքէթը Գերմանիոյ ամէնէն հին եւ ամէնէն մեծ Կաղանդի շուկան է:

1994 թուականէն ի վեր այս շուկան սկսած է իւրայատուկ սովորութեան մը: Ամէն տարի հոն կը շինուի Կաղանդի յատուկ գերմանական կարկանդակի, Շթոլէնի հսկայ կարկանդակ մը, որ ապա կը հրամցուի ժողովուրդին:

2016-ի Շթոլէնի փառատօնին կարկանդակը կը կշռէր մօտաւորապէս 5 թոն: Անոր շինութեան համար գործածուեցաւ մօտաւորապէս 150 միլիոն չամիչներ, 450 քիլոկրամ կարագ եւ 250 քլիոկրամ շաքար: Ինչպէս նաեւ մեծ տակառի մը համապատասխանող… ռոմ ոգելից ըմպելիէն: Այս կարկանդակը ամբողջացնելու համար գործածուեցաւ մօտաւորապէս 400 յատուկ ափսէներ, զոր տրամադրուեցաւ քաղաքէն մօտաւորապէս յիսուն ժապաւէններու եւ կարկանդակի խանութներու կողմէ:

Յիենք, թէ պատմութեան ամէնէն ծանր Շթոլէնը շինուած է 2000 թուականին: Ան կը կշռէր մօտաւորապէս 4500 քիլոկրամ:

 

Խոհագիր

Կաղանդի
Ճաշացուցակին Վրայ

Այս տարի Կաղանդի սեղանը ճոխացնելու համար, դուն ալ բեր քու մասնակցութիւնդ:

Ա.- Ձիթապտուղէ գաւազանիկներ

khoh-1_122416

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար) Փաթ ֆըյըթէ խմոր, կարմիր պղպեղով լեցուած ձիթապտուղներ, 1 սուրճի դգալ կաթ, 1 հաւկիթի դեղնուց, պտղունց մը աղ:

Պատրաստութիւն – 1) Փուռը 180 աստիճանի վրայ տաքցուր: Փաթ ֆըյըթէի խմորը բաց, եթէ հաստ է, գլանով մը զայն տափակցուր: Խմորին վրայ կտրէ 5×8 սմ մեծութեամբ քառանկիւններ: Իւրաքանչիւր քառանկիւնի մէջտեղը ձիթապտուղ մը դիր ապա քառանկիւնին երկու կողմերը գլորէ, որպէսզի ձիթապտուղը հաստատուն մնայ: 2) Փոքրիկ խորունկ պնակի մը մէջ խառնէ հաւկիթի դեղնուցը, կաթը եւ աղը: Այս խառնուրդէն քսէ իւրաքանչիւր գաւազանիկի վրայ: Գաւազանիկները զետեղէ փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ, զոր ծածկած պիտի ըլլաս փուռի յատուկ թուղթով:

Գաւազանիկները փուռին մէջ եփէ 10 վայրկեան` 200 աստիճան տաքութեամբ:

Բ – Կաղանդի ծառէ կարկանդակ

khoh-2_122416

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար) -125 կրամ սեւ տուրմ, 20 սանթիլիթր հեղուկ քրեմ, 250 կրամ շաքար, 4 հաւկիթ, 125 կրամ ալիւր, պտղունց մը աղ, կանաչ շաքարէ խմոր, շաքարէ զարդարանքներ, կաղանդի ծառի ձեւով կարկանդակի կաղապար:

Պատրաստութիւն – Փուռը տաքցուր 180 աստիճանի վրայ: Խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ հաւկիթները, ալիւրը, շաքարը եւ պտղունց մը աղը: Մեղմ կրակի վրայ տուրմի եւ քրեմի խառնուրդը հալեցուր, ապա տուրմին երեք քառորդը պարպէ առաջին խառնուրդին վրայ: Կարկանդակին կաղապարին վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ: Անոր մէջ պարպէ խառնուրդը եւ փուռին մէջ եփէ 35 վայրկեան: Երբ կարկանդակը եփի, զայն կաղապարին մէջէն հանէ: Զայն ծածկէ կանաչ շաքարէ խմորով: Կոճղի բաժինին վրայ քսէ մնացած տուրմը: Կարկանդակը զարդարէ շաքարէ զարդարանքներով:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս,  գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս, գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շնիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շնիկները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ շաքարէ գաւազանիկները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ շաքարէ գաւազանիկները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

«Ղարաբաղեան Պատերազմի Վերսկսումը Սպառնալիք Կը Դառնայ Ամբողջ Հարաւային Կովկասին Համար». Վիգէն Սարգսեան

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?