ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի ստանաք նուէր մը, որ երկար ժամանակի վրայ ձեզի ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Օրուան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի զբաղիք ձեր շուրջիններուն հարցերով, պիտի մօտենաք անոնց, որպէսզի կարենաք մոռնալ ձեր սեփական հոգերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ս. Ծննդեան յատուկ զարդարանքներով զբաղեցէք: Ձեր սիրտը պիտի ուրախանայ` դիտելով այս զարդարանքները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան կեանքը շատ խաղաղ պիտի անցնի: Իրարու հանդէպ պիտի ունենաք բացառիկ սէր եւ յարգանք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Փոխանակուած նուէրները ձեր սիրտերը պիտի ուրախացնեն: Ձեր տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ տօնական գալիք օրերուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան ճաշկերոյթ մը պիտի ունենաք` միասնաբար քով-քովի գալով: Ս. ծնունդը դիմաւորելու լաւագոյն ձեւն է այս:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրուան տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ` իրարու հետ սիրով ապրելով: Նուէրներ պիտի փոխանակէք ձեր շուրջիններուն հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուրիշները ուրախացնելով` հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ունենաք: Ահաւասիկ ձեր շրջապատը պիտի յարգէ ձեզ` ձեր կատարած բարիքին համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան աւանդութիւնները պիտի կարենաք փոխանցել ձեզի յաջորդող սերունդին: Տօնական օրերը լաւագոյն առիթներն են նման վերաբերումի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր բարեկամներ պիտի ունենաք` շնորհիւ ձեր բարեացակամ տրամադրութեան: Ձեր հոգեկան ուրախութիւնը պիտի ազդէ ձեր շուրջիններուն վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մոռցէք ձեր գործին հոգերը եւ դուք ձեզ նուիրեցէք տօնական օրերու տրամադրութեան: Օրը այս կը թելադրէ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ճամբորդելը ընդհանրապէս հաճելի տրամադրութիւն կը ստեղծէ: Այսօր պիտի մտածէք այս մասին եւ ճամբորդութեան մը պիտի ձեռնարկէք: