Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան. «Պաքու Պէտք Չէ Ընդունէր Իսրայէլի Վարչապետին Այցելութիւնը»

December 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

kasemi_122116

Մեր պաշտօնակից թեհրանահայ «Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ իր շաբաթական հանդիպման ընթացքին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Պահրամ Քասեմի յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք չէ համաձայնէին Իսրայէլի վարչապետին Պաքու այցելութեան առաջարկին, սակայն աւելցուց, որ այդ որոշումը բնականաբար Ազրպէյճանի ներքին գործն է:

«Մենք ականատես ենք Իսրայէլի սադրիչ գործողութիւններուն, որոնց նպատակը իսլամական երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ տարակարծութիւններ յառաջացնելն է: Ազրպէյճան պէտք է ուշադիր ըլլայ, որ Թել Աւիւի լարած ծուղակին մէջ չիյնայ», ըսաւ Քասեմի:

Պաքու Իսրայէլէն Պիտի Գնէ
«
Երկաթէ Գմբէթ» Հակահրթիռային Համակարգը

«Սիվիլնեթ» հաղորդած էր, որ Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է` իսրայէլեան «Երկաթէ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգի վաճառքին շուրջ. այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալովը: Տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը` շեշտելով, որ համակարգը գնելու Պաքուի շահագրգռուածութիւնը «կը ծագի վերջերս Հայաստանի կողմէ «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգի ձեռք բերումէն»:

Իսրայէլեան թերթը աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան պիտի հանդիսանայ այս զինատեսակը Իսրայէլէն գնող առաջին երկիրը:

21 սեպտեմբերին, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած զինուորական շքերթին ընթացքին «Իսքանտեր» համալիրներու ցուցադրութենէն որոշ ժամանակ ետք, ազրպէյճանցի խորհրդարանականներ «Երկաթէ գմբէթ»-ը գնելու կոչեր կատարած էին: Արձագանգելով այս կոչերուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած էր. «Անկարելի է, որ նման համակարգ յայտնուի Ազրպէյճանի մէջ, եւ նոյնիսկ յայտնուելու պարագային` ոչի՛նչ կրնայ ընել»:

 

Նախորդը

«Ինծի Համար «Ալիք»-ը Միայն Օրաթերթ Հրատարակող Տուն Չէ, Այլեւ Հայապահպանման Գովելի Օճախ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Վրաստանի Մէջ Քննարկեց Հայ-Վրացական Զինուորական Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.