ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գործին միջամտող պիտի ըլլայ, բայց ասիկա կրնայ դրական արդիւնք տալ: Թոյլ տուէք, որ անգամուան մը համար ուրիշներ առաջնորդեն ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրոյ հարցեր պիտի ունենաք, բայց նոյն ատեն խանգարում մը պիտի չունենաք: Ձեր վերաբերումը պիտի գնահատուի, եւ այս օրը պիտի շարունակուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան վէճէ մը հեռու մնացէք: Թոյլ տուէք, որ ուրիշներ հարցը լուծեն մարդկային վերաբերումով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի հետաքրքրուիք ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարցերով, որոնք կարծէք եղած են ճիշդ ձեզի համար: Համակերպեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գործի մէջ այսօր մի՛ ստորագրէք որեւէ համաձայնագիր, որովհետեւ անօգուտ հարց մըն է: Համբերութեամբ կրնաք առաջքը առնել ձախող գործի մը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամէն կողմէ պիտի ստանաք հետաքրքրական եւ օգտակար լուրեր: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք պարծենալու առիթներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործերուն մէջ օրինաւոր եղէք. նոյն ատեն անուշեղէնները հեռացուցէք ձեր սննդականոնէն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեկամներ ձեզի պիտի օգնեն եւ դուք ձեզ աւելի զօրաւոր պիտի զգաք: Անկեղծ բարեկամութիւնը հարստութիւն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պատասխանատուութիւն պիտի չվստահին ձեզի, որովհետեւ կարող չէք նման պաշտօններ ստանձնելու: Ուշադիր եղէք, ծուղակը չիյնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատերը պիտի անցընեն ձմեռը արեւոտ երկնքի տակ եւ պիտի գոհանան ջերմութեան ազդեցութենէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն ինչ բախտին մի՛ ձգէք: Տէրը եղէք ձեր բարիքին` առանց վստահելու անիմաստ եւ անօգուտ խոստումներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր հանդիպումներու դիմաց ուրախ պիտի չմնաք: Ափսոս, որ լաւ արկածախնդրութիւն մը ունենալէ հեռու պիտի մնաք:
