Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Հայաստան Այցելեց

December 17, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vras_121616

16 դեկտեմբերին Հայաստան այցելեց Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախարար Կէորկի Մկեպրիշվիլիի, որ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, ոստիկանութեան պետին հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին վարչակազմի ղեկավար Զուրապ Զուպատալաշվիլին, Կեդրոնական քրէական ոստիկանութեան բաժանմունքի տնօրէն Դաւիթ Նատրիաշվիլին, Հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պետ Թէա Փերթայան, ոստիկանութեան Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանային բաժանմունքի պետ Թէյմուրազ Քալանտածէ եւ այլ պաշտօնատարներ:

Հայաստանի ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ վրացի գործընկերները դիմաւորուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ, որուն ընթացքին ցուցադրական ելոյթով հանդէս եկաւ պատուոյ պահակախումբը:

Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, զօր. Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէ, որ բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Վրաստանի ոստիկանական կառոյցներու աւանդական գործընկերութիւնը եւ ընդգծեց, որ երկու բարեկամ երկիրներու իրաւապահներու միացեալ աշխատանքը արդէն իսկ լուրջ արդիւնքներ տուած է:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Կէորկի Մկեպրիշվիլի վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ հայ եւ վրացի իրաւապահներու աւանդական գործակցութիւնը` յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ, պիտի շարունակուի եւ աւելի պիտի խորանայ` ընդգրկելով արդի մարտահրաւէրներու հակազդման նոր ոլորտներ:

Վլատիմիր Գասպարեան հաստատեց վերջին շրջանին ամուր հիմերու վրայ դրուած գործընկերութիւնը ամրապնդելու Հայաստանի ոստիկանութեան ղեկավարութեան վճռականութիւնը եւ նշեց, որ երկու իրաւապահ կառոյցներու համապատասխան ստորաբաժանումներուն եւ ծառայողներուն ուղղակի եւ ամէնօրեայ փոխադարձ գործակցութիւնը ատոր լաւագոյն ուղին է:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս:

Ստորագրուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հռչակագիր:

Աւարտին Վլատիմիր Գասպարեան Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Կէորկի Մկեպրիշվիլին պարգեւատրեց «Համագործակցութեան ամրապնդման համար» մետալով:

Ընդունելութենէն ետք Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Վրացի իրաւապահները ծաղկեպսակ զետեղեցին Անմար կրակին մօտ, ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանի նիւթերուն, աւանդութեան համաձայն, եղեւնի տնկեցին յուշահամալիրի ծառուղիին մէջ:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կ՛որոշէ Բռնագրաւել Հայ Եկեղեցւոյ Դաշտերը

Յաջորդը

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նկատմամբ Վերաբերմունքը Սպասողական Է

RelatedPosts

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ
Հայկական

Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.