
30 նոյեմբերին Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ Մաքսային միութեան անդամ պետութիւններու մաքսային ծառայութիւններու միաւորուած անձնակազմի 21-րդ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուած է անձնակազմին ու անոր հովանիին տակ գործող աշխատանքային խումբերու 2017 թուականի գործունէութեան ծրագիրը` կապուած Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ պետութիւններուն միջեւ մաքսային հոլովոյթներու համակարգման:
Քննարկուած է ԵՏՄ արտաքին տնտեսական գործունէութեան ապրանքային միասնական անուանացանկին համապատասխան առանձին ապրանքատեսակներու դասակարգման եւ միութեան տարածքով տարանցման ժամանակ երաշխիքային մեքանիզմներու հարցը:
Անդրադարձ կատարուած է ներածումներու տուրքերու միասնականացման եւ ապրանքներու գաղտնագիրերու միաւորման կարելիութիւններուն: Ուշադրութեան առարկայ եղած են օտար անձերու կողմէ անձնական օգտագործման նպատակով երթեւեկի միջոցներու ժամանակաւոր ներածման պայմաններու խախտումներու թիւի նուազեցման վերաբերող քայլերը, ինչպէս նաեւ երրորդ երկրէ բերուած կամ երրորդ երկիր տարուող ապրանքներու առանձին տեսակներու տեղափոխման ժամանակ մաքսային մարմինի գործունէութիւնը:
Անդրադառնալով ԵՏՄ մաքսային օրէնսգիրքին` Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեան նշած է, որ կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով օրէնսգիրքի նոր խմբագրութիւնը արդէն համաձայնեցուած է եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի ընդունուի:
Նոյն օրը ԵՏՄ անդամ պետութիւններու մաքսային ծառայութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտած է, որ մաքսային ծառայութիւնները այն կարեւոր կառոյցներն են, որոնց հետ ամէն օր կապ կ՛ունենան Մաքսային միութեան անդամ պետութիւններու տնտեսվարող կառոյցները` աւելցնելով, որ անոնց աշխատանքի եւ համագործակցութեան որակէն ԵՏՄ-ի մասին տպաւորութիւն կը կազմուի, այդ կառոյցներու գործունէութենէն կախեալ է որեւէ երկրի գործարար միջավայրի բարելաւումը, միասնական տնտեսական տարածքի մէջ ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի շուկայի ձեւաւորումն ու զարգացումը:
Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ ծաղկաձորեան նիստին քննարկուած արդիական հարցերն ու տրուած որոշումները կը նպաստեն վերոնշեալ խնդիրներու լուծման եւ միութեան անդամ պետութիւններու տարբեր նպատակներու իրագործման:
Մաքսային միութեան անդամ պետութիւններու մաքսային ծառայութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած են միաւորուած անձնակազմի 21-րդ նիստի արդիւնքները: Անոնք ընդգծած են, որ որեւէ միութիւն նախ եւ առաջ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան վրայ, եւ Մաքսային ծառայութիւններու միաւորուած անձնակազմի աշխատանքը նպատակաուղղուած է այդ վստահութիւնը ամէնօրեայ սերտ փոխադարձ գործակցութեամբ ամրապնդելուն:
Հանդիպումին մասնակիցները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած են նաեւ ԵՏՄ մաքսային օրէնսդրութեան կատարելագործման նպատակով Մաքսային նոր օրէնսգիրքի մշակման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքը, մաքսային ծառայութիւններու ներկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, զարգացման հեռանկարը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր կարգին կարեւոր նկատած է այդ ձեւաչափով հանդիպումները, որոնք պիտի նպաստեն մաքսային ծառայութիւններու համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման` շեշտելով, որ միայն միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ ազգային տնտեսութիւններու մրցունակութեան բարձրացման ու գործարարական կայուն զարգացման պայմաններու ապահովման:
Կարեւոր նկատելով մաքսային մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը` Կ. Կարապետեան ընդգծած է, որ անիկա կարելիութիւն պիտի տայ աւելի գործնական կերպով արձագանգել խնդիրներուն, գտնել փոխընդունելի ու արդիւնաւէտ որոշումներ: Նշելով, որ ԵՏՄ միջկառավարական խորհուրդի վերջին նիստին համադրուած է ԵՏՄ Մաքսային օրէնսգիրքի նախագիծը` կառավարութեան ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ անիկա պիտի ըլլայ ԵՏՄ իրաւական դաշտի հիմնական փաստաթուղթերէն մէկը եւ կը նպաստէ միութեան տնտեսական գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման` բարելաւելով արտաքին տնտեսական գործունէութեան պայմանները:
Ռուսիոյ դաշնակցային մաքսային ծառայութեան ղեկավար Վլատիմիր Պուլաւին նշած է, որ ԵՏՄ Մաքսային օրէնսգիրքի ընդունումը նոր թափ պիտի հաղորդէ համարկման հոլովոյթներու զարգացման, մաքսային մարզին մէջ արդիւնաւէտութեան եւ թափանցիկութեան բարձրացման, առեւտրական շրջանառութեան դիւրացման:


