Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը, որուն կողմ քուէարկեց 93 պատգամաւոր, դէմ` 2 եւ ձեռնպահ` 7:
Այնուհետեւ քուէարկութեան դրուեցաւ «Ազգային ժողովի պատգամաւորի գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին հարցը: Կողմ քուէարկեց 95, ձեռնպահ` 7 պատգամաւոր, իսկ դէմ քուէարկողներ չկային: