ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը յարմար է դրամատունէն դրամ փոխ առնելու: Խնայասէր եղէք, ձեր ունեցած դրամին արժէքը գիտցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործի մէջ հակասութիւններ պիտի ունենաք: Մրցակցութիւնը զօրաւոր պիտի ըլլայ: Ուշադիր եղէք ձեր խօսքերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ աշխատող խումբի մը պատասխանատուն էք, ուրեմն թագաւորը պիտի ըլլաք այդ կազմակերպութեան: Պիտի ստանաք շնորհաւորութիւններ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ հաճոյքով բացատրութիւններ պիտի տրուին ձեզի: Աշխատանքը հաճելի պիտի դառնայ: Բոլորը ձեզի լաւ պիտի հասկնան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Չէք կրնար ապրիլ առանց անցեալը վերյիշելու: Բայց կարեւոր է ներկան ապրիլը, նորութիւններ ստեղծելը` նոր կեանք մը ապրելով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ բոլոր ներկաները իրենց կարծիքը տան աշխատանքի մը վերաբերեալ, պիտի մասնակցիք որոշ կարծիք տուող խումբի մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք գիտէք, թէ ի՛նչ բանի իրապէս կարող էք, երբ ձեզմէ պահանջեն մասնակցիլ զոհողութեան մը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ վիճաբանիք ձեր գործընկերներուն հետ, պիտի աւարտէք զրոյցը հասարակաց եզրակացութեան մը յանգելով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աւա՜ղ, այսօր պիտի չկարենաք ձեր նպատակը իրագործել: Ջանացէք համբերել եւ պատասխան չտալ ամէն հարցումի, որպէսզի ձեզ յանցաւոր չնկատեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շաբաթը պիտի սկսի լաւ տրամադրութեամբ: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` սիրով եւ հաւատարմութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամանակ տրամադրեցէք դուք ձեզ պաշտպանելու, եթէ ձեզ ամբաստանեն որեւէ ձեւով: Իրաւունք պիտի ունենաք ճշմարտութիւնը արտայայտելու եւ համոզելու ձեր շուրջինները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր պաշտօնակիցները կը մտածեն խմբական ճամբորդութիւն մը կատարել: Հաճոյքով պիտի մասնակցիք եւ ուրախ պիտի ըլլաք: